Նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը

Օգոստոսի 17-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ․ Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան։
Ներկայացնելով տօնի խորհուրդը՝ պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ․
«Վերափոխումը միայն անցեալի մէջ տեղի ունեցած դէպքի յիշատակում մը չէ։ Ան կենդանի եւ իրական ներկայութիւն է մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, որովհետեւ մեզ կը հրաւիրէ կանգնելու՝ յաւիտենական կեանքի եւ մահուան, անցողիկի եւ անանցի, երկրայինի եւ երկնայինի սահմանին…»։
Մուշեղ Սրբազանը շեշտեց, որ Աստուածաշունչը եւ սրբազան աւանդութիւնը միասին կը հիւսեն այս տօնի հիմքը, որ ձեւաւորուած է Եկեղեցւոյ աղօթքներուն մէջ, սուրբերու տեսիլքներուն մէջ, հաւատացեալներու սրտերուն մէջ ապրող հոգեւոր զգացումներուն մէջ։
Սրբազան Հայրը աւելցուց, որ Աստուածածինը մշտապէս եղած եւ կը մնայ Եկեղեցւոյ մայրը, հաւատացեալներու բարեխօսը եւ իւրաքանչիւրի հոգեւոր ուղեկիցը։
«Աստուածամայրը մեզի համար կը մնայ սրբութեան կատարելագոյն օրինակ, եւ իր կեանքով կ՛ցոյց տայ սրբութեան հասնելու իրատեսական ուղին։ …Ան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է Աստուծոյ կամքը կատարել առանց տրտնջալու, նոյնիսկ դժուարութիւններու եւ տառապանքի պահուն, եւ հասնիլ սրբութեան», նշեց պատարագիչ Սրբազանը։
Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք եկեղեցականաց թափօրը Մայր Տաճարէն ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Տրդատի բաց խորանը, ուր Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն՝ Գերաշնորհ Տ․ Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ «Խաղողօրհնէք»-ի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին:
Միւս կողմէն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի մատրան մէջ, աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ հոգեւոր խորհրդածութիւն եւ աղօթասացութիւն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, կատարուցեան հոգեւոր խորհդածութիւններ եւ աղօթասացութիւններ՝ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երիտասարդ միաբան հայրերու կողմէ։
Շուրջ 200 ուխտաւոր հաւատացեալներ բարձրացան Սուրբ Աստուածածին Վանք, ուր հաղորդ դարձան Աստուածամօր կեանքին ու տիպարին։ Յիշեալ դասախօսական շարքը վարեցին Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի պատասխանատու Գերապատիւ Տէր Ստեփանոս Ծայրագոյն Վարդապետ Փաշայեանի։
Ուրբաթ, 15 Օգոստոսին, ուխտի շաբթուան վերջին հոգեւոր խորհրդածութենէն անմիջապէս ետք, դպրեվանքի աշակերտներուն կողմէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Վանքի շրջափակ, ուր Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ սուրբ խորանին առջեւ կատարուեցան անդաստանի եւ աղօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնները, նախագահութեամբ Սուրբ Աստուածածին Վանքի վանահօր՝ Գերապատիւ Տէր Շնորհք Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեանի։
‘

