ՆՇՄԱՐ.- ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔ… ՈՃՐԱԳՈՐԾԻ ՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

death-of-ariel-sharon

          Մօտաւորապէս 8 տարի մահաքունի մէջ մնալէ ետք, Շաբաթ, Յունուար 11-ին մահացաւ Իսրայէլի նախկին վարչապետ, պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ նախարարութիւններ վարած Արիէլ Շարոն, որուն անունը կարմիրով արձանագրուած է 20րդ դարու Բ. կիսու պատմութեան մէջ:

Շարոնի քաղաքական-զինուորական մարդու ասպարէզը կ՛երկարի աւելի քան 50 տարիներու վրայ: Մահուան առիթով, Շարոնի “տաֆթար“ը գրգռողներ չվարանեցան յիշեցնելու, որ անոր ասպարէզ մուտքը եղած էր զանգուածային ոճիրով մը, 1953ին, կտրած-անցած էր Լիբանանի գրաւման ու Սապրա-Շաթիլա գաղթակայաններուն մէջ աւելի մեծ ոճիրի մը փուլը, 1982ին, իսկ անոր քաղաքական ոճիրներուն գլխաւորն էր Իսրայէլ-պաղեստինեան խաղաղութեան բանակցութեանց ականահարումը եւ միջազգային օրէնքներու ու որոշումներու հետեւողական ոտնակոխումը: Այս գլխաւոր գիծերուն միջեւ ինկող տարածութիւնները խճողուած են ոճրային այլ “մանրուքներով“:

Խորքին մէջ, Շարոն մէկ օղակը կը կազմէ Իսրայէլի ոճրագործ ղեկավարներու շղթային, աշակերտած ըլլալով Մենահիմ Պեկինի եւ նմաններու “տրամաբանութեան“, որ ամէն տեսակի ոճիր կը փորձէ արդարացնել “Իսրայէլի ապահովութեան պաշտպանութեան“ խորագիրին տակ, մտածելակերպ մը` առիթ չի թողուր հարց տալու, թէ արդեօք ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն կարելի չէ՞ իրականացնել առանց բրտութեան ու ոճիրներու:

Ինչպէս իր արիւնալի վաստակը կերտած հանգրուաններու, նոյնպէս ալ մահուան առիթով, Շարոն պանծացուեցաւ Իսրայէլի պետական ղեկավարներուն կողմէ (բնական պատկեր), սակայն նաեւ յուղարկաւորութեան մասնակից միջազգային դէմքերու կողմէ, որոնց շարքին էին Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէր: Թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ Բրիտանիա եղած են պեկիններու եւ շարոններու սկզբնական ոճիրները դատապարտողներու շարքին: Այսօր, նման պանծացում բացատրելի եւ ընդունելի կը նկատուի, որովհետեւ աւանդականօրէն բնական ու մարդկային նկատուող տրամաբանութիւնը քիչ մը ամէն տեղ տեղի տուած է ոճրային տրամաբանութեան առջեւ. չէ՞ որ մեծ պետութեանց ղեկավարները աշխարհի այս կամ այն կողմը ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից են զանգուածային ջարդերու, ոճրային յարձակումներու եւ միջազգային օրէնքներու ու մարդկայնութի՛ւն արտայայտող ամէն վիճակի ոտնակոխման:

Չէ՞ որ “քաղաքակրթուած Թուրքիա“ն ալ երէկ պանծացուց եւ իր ազգային հերոսներու փաղանգին մէջ դասեց Թալէաթը…

Հաւանաբար մտածուի, որ աշխարհէս մեկնող մէկու մը մասին վատաբանելը ճիշդ չէ, մարդկային չէ: Եթէ նման մտածում ճիշդ ըլլար, աշխարհը պէտք է բարի տրամադրութիւններով յիշուէին Հիթլէր մը, Սթալին մը, Փոլ Փոթ մը, Փինոշէ մը եւ ուրիշներ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles