

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
2 Ապրիլ 2018
Աշխարհի հզօր ու նուազ հզօր պետութիւններու վարիչները տարօրինակ մրցակցութեան մը մէջ են ու կը փորձեն զիրար գերազանցել այլանդակութիւններով, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ Թուրքիոյ նախագահը եւ անոր գործակիցները կրնան խլել ոսկեայ, արծաթեայ ու պրոնզեայ մետալները, աչք ունին նաեւ թիթեղեայ եւ կերպընկալէ մետալներու, իբրեւ գլխաւոր մրցակից ունենալով Իսրայէլի պետական պատասխանատուները։
Պաղեստինցիք անցեալ Ուրբաթ օր, 30 Մարտին, շղթայազերծեցին պահանջատիրական պայքարի նորագոյն ալիքը, «Հողի օր»ուան առիթով, յայտարարելով, որ ցուցական երկարաշունչ արարքներու պիտի դիմեն։ Գլխաւոր բեմը եղաւ Կազայի սահմանագիծը։ Ինկան բազմաթիւ զոհեր, բազմահարիւր վիրաւորներ, որովհետեւ, ըստ սովորութեան, պարսատիկներով ու քարերով կռուի դաշտ իջած պաղեստինցիները անգամ մը եւս իրենց դիմաց գտան իսկական փամփուշտ, զրահապատներ ու հրասայլեր գործածող իսրայէլեան բանակայինները, որոնց համար նման ոճիրներ գործելը մաս կը կազմէ վերը յիշուած մերօրեայ այլանդակութիւններուն, եւ որոնք «այդպէս ալ պէտք է ըլլայ» տրամաբանութեամբ կը դիտուին աշխարհի հզօրներուն ու անոնց կամակատար մամուլին կողմէ։
Եւ յանկարծ, Էրտողան դարձեալ հրապարակ նետուեցաւ պաղեստինցիներուն պաշտպանի պատմուճանով, անմարդկային եւ ոճրագործ անուանեց Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն, որ «տակը չմնաց» եւ Էրտողանի երեսին տուաւ քիւրտեր եւ ընդդիմադիրներ ջարդելու-ռմբակոծելու անոր վարքագիծը։ Արդիւնքը այն եղաւ, որ խօսքի այս աճուրդին շնորհիւ, աշխարհը ականջալուր եղաւ երկու ճշմարտութիւններու հրապարակման, որուն համար երկո՛ւքն ալ արժանի են արիւնոտ մետալներու։
Առանց աչքաթող ընելու Իսրայէլի պետական պատասխանատուներուն անկարելի ինքնարդարացումները, պահ մը կեդրոնանանք Էրտողանի կեցուածքին վրայ։ Ահաւասիկ ան անգամ մը եւս արաբական աշխարհին կը ներկայանայ պաղեստինցիներու դատին պաշտպանի «բարձունք»էն, մինչդեռ արաբական աշխարհը գիտէ, պէտք չէ՛ մոռնայ, որ Թուրքիա, երէկուան ու այսօրուան Թուրքիան ոճիրներ գործած է նա՛եւ արաբական երկիրներու դէմ։ Աշխարհ ու արաբական երկիրները պէտք է իրենց ականջներն ու աչքերը լայն բանան Էրտողանի այն յոխորտանքին դիմաց, թէ այսօրուան Թուրքիան շարունակութիւնն ու ժառանգորդ է Օսմանեան սուլթանութեան։ Այս հաստատումին, խոստովանութեա՛ն իսկ մէջ պէտք է տեսնել Էրտողանի Թուրքիոյ այն յաւակնութիւնները, որոնք կը ձգտին հողեր խլել Սուրիայէն, Իրաքէն, զանոնք գումարելու համար Հայաստանէն, Կիպրոսէն ու Յունաստանէն խլուած հողերուն վրայ։ Աշխարհն ու արաբական աշխարհը նաեւ պէտք չէ անտարբեր դիտողի դիրքին վրայ մնան, երբ ամէն օր ականատես կþըլլան քիւրտերու ջարդերուն, որոնք կը կատարուին ուղղակի թրքական բանակին կողմէ, կամ՝ եզիտիներու ջարդին, որոնք տեղի ունեցան Իրաքի մէջ, նոյնինքն թրքական դրածոյ «ծայրայեղական ուժեր»ու կողմէ։ Տակաւին, պէտք է յստակօրէն թրքական բեմադրութիւն տեսնել Եգիպտոսի ու Լիպիոյ մէջ «ծայրայեղականներու» արարքներուն մէջ, իսկ վաղը, նման դետակատարութեան կրնան վերակոչուիլ Դամասկոսի մօտակայ շրջաններէն հեռացուած ու Թուրքիոյ դրացնութեան մէջ համախմբուած ոճրագործ խմբակներուն, որոնք այլապէս աշխարհին կը ներկայացուին Սուրիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիրի պատմուճանով, իսկ անոնց յելուզակութիւններուն ականատես եղանք Քեսապի, Հալէպի, Տէր Զօրի, Արաբ Բունարի, Աֆրինի մէջ եւ այլուր…
Այս ու նմանօրինակ աղաղակող այլանդակութիւններու ի տես, կþարժէ՞ մտածել, որ Անգարա իր այցելութեան առիթով՝ Փութին քայլ մը պիտի առնէ մետալներ խլելու Էրտողանէն, կամ՝ նման քայլի մը կրնան դիմել Թրամփ եւ Փութին, աշխարհը երեւութապէս տակն ու վրայ ընող դիւանագիտական փոթորիկէն ետք ծրագրուող հանդիպումին…