ՆՇՄԱՐ.- ՄԵՐ ՕՐԵՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԿԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

Ս. Մ.

ՊԱՏԿԵՐ ԱՌԱՋԻՆ.- Բարեկամի մը հետ ուշ յետմիջօրէին կը մտնեմ ճաշարան մը՝ «պատառի մը շուրջ զրուցելու» նպատակով։ Լայնատարած ճաշարանը թէեւ խճողուած չէ այդ ժամուն, սակայն կը նախընտրենք մեկուսի՝ նուազ աղմկոտ անկիւն մը։ Հազիւ թէ առաջին պատառներուն ձեռք զարկած ենք, երբ սպասեակ մը մեր կողքի փոքր սեղանները իրարու կը միացնէ եւ ահա, 7-8 մանուկներ՝ 4-5էն 9-10 տարեկան, ճռուողելով կը շարուին սեղանին շուրջը, իրենց ետեւէն քաշելով երեք երէց կիներ, հաւանաբար իրենց ծնողները։ Մեր «անաղմուկ անկիւն»ին կորուստին մասին բարեկամիս հետ ակնարկներ կը փոխանակեմ, սակայն ի՞նչ կրնանք ընել…։
Քանի մը վայրկեան ետք, երբ սպասեակը նորեկներուն ճաշի ապսպրանքը արդէն արձանագրած է, աղմուկը յանկարծ կը դադրի. կատարեալ լռութիւն. բարեկամիս ու ես կրնանք զիրար լսել։ Բնականաբար մեր աչքերը կþուղղուին մանուկներուն, ստուգելու՝ թէ ի՞նչ հրաշք պատճառած է լռութիւնը։ Կռահեցիք, չէ՞։ Մանուկները իրենց գլուխները կախած են… ձեռքի հեռաձայններուն վրայ եւ մատիկները արագ-արագ կը պտտցնեն թափանցիկ ստեղնաշարերուն վրայ։ Մոռցած են սեղանակիցները, այլ աշխարհներ տեղափոխուած են. կա՛մ «կը զրուցեն» հեռակայ կարգով, կամ ալ կը խաղան փոքր պաստառին վրայ։ Ուշադրութիւնս կը գրաւէ ամէնէն ծայրը նստած մանուկը, հազիւ տասը տարեկան ըլլալու է, գլխարկը քաշած է ականջներէն վար, իսկ ձեռքը… դատարկ է։ Տխուր ակնարկը կը պտտցնէ սեղանակից հասակակիցներուն վրայ. արդեօք կþափսոսա՞յ, որ ինք հեռաձայն չունի (կամ տունը մոռցած է), թէ՞ քովիններուն անհաղորդ ըլլալը սրդողում կը պատճառէ իրեն։ Ակներեւ տխրութիւնը կը հոսի աչքերէն։

ՊԱՏԿԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ.- Բժիշկին սպասման սրահը կը մտնեմ, անունս կ’արձանագրեմ ցուցակին վրայ ու կը քաշուիմ անկիւն մը, սպասելով որ զիս ներս կանչեն։ Դիմացս, կողք-կողքի նստած են երեք պարմանուհիներ. 11-12 տարեկան ըլլալու են։ Համազգեստ հագած են, հաւանաբար՝ դպրոցական տարազ։ Գլուխները կախած են… գիրքերու վրայ եւ լիովին ընկղմած՝ ընթերցումի մէջ։ Դէմքերը կը մատնեն, որ ծայրագոյն արեւելեան երկիրներէ ծագում առած են։ Հեռուէն չեմ կրնար ստուգել, թէ ի՞նչ կը կարդան, սակայն յայտնի է, որ բաւական հաստկեկ գիրքերը հետաքրքրական բաներ ըլլալու են, որովհետեւ ամբողջովին կտրուած են շրջապատէն, կլանուած՝ գիրքերուն մէջ։ Կը դարձնեն էջերը եւ նոյն ուշադրութեամբ կը շարունակեն ընթերցումը, կարծէք թէ մրցումի մէջ են իրարու հետ։ Շուրջս նստողներ չեն իսկ նկատեր արտասովոր պատկերը. բոլորն ալ լուռ են ու տարուած՝ ձեռքի հեռաձայններով…

ԱՆՊԱՏԿԵՐ.- Պէ՞տք է անմնացորդ գերին դառնալ գիտութեան հրաշալիքներուն…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles