ՆՇՄԱՐ .- ԼԻԶՊՈՆԷՆ` ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ 9-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

fff

ԱԿՆԷՍ

Յուլիս 27, 2013

 

Առաւօտուն` նշում Լիզպոնի ողջակիզման երեսունամեակին:

Երեկոյեան` համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերու բացման արարողութիւն: Մարզախաղեր` որոնց կնքահայրութիւնը վստահուած է Գագիկ Ծառուկեանին:

* * *

Առաւօտուն` Երեւանի Սուրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճառի խորանէն Հայաստանը առանց տեսնելու Լիզպոնի մէջ իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրաբերած երիտասարդներու հոգիի խաղաղութեան համար խունկ ու աղօթք:

Երեկոյեան` Ազատութեան հրապարակին կեդրոնը բարձրացած բեմին վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան կողքին կանգնած, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կեղեքող խմբակի կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկու ՛՛պիլակներու՛՛ ցուցադրութիւն:

* * *

Կէսօրին` Հայաստանի Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան անդամներու կողմէ Լիզպոնի անձնազոհութեան մասին կենդանի պատկերի ներկայացում ու ողջակէզներու լուսանկարին դիմաց հայրենի հողերու ազատագրման պայքարը շարունակելու խոստում:

Երեկոյեան` աւելի քան մէկ ու կէս տասնեակ երկիրներէ եկած հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, մեծաւ մասամբ անգիտակի կամ մանրամասնութեանց անծանօթ, իսկ փոքր թիւով համակերպած մարդոց տողանց` Հայաստանի երիտասարդութիւնը արտագաղթի մղող օլիկարխիայի ներկայացուցիչներէն մէկուն դիմաց:

* * *

Առաւօտուն` աչքերուդ առջեւէն չի հեռանար Լիզպոնի հինգ նուիրեալներու մաշած գոյներով երեսնամեայ ժապաւէնը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրի հայ երիտասարդութեան ուղղած պայքարի կոչը` ի սէր հայ ժողովուրդին ու Հայաստան աշխարհին:

Երեկոյեան` մտապատկերէդ չես կրնար հեռացնել, տակաւին երկու ամիս առաջ, Աշտարակի մէջ եկեղեցւոյ բացման ընթացքին տեղադրուած սեղաններուն վրայէն ուտելիքը հափշտակող հայրենակիցներուդ պատկերները` Պարոն Ծառուկեանի մեծահոգի արտօնութենէն ետք:

* * *

Կը սկսիս հեռանալ Ազատութեան հրապարակէն սակայն հեռուէն կը լսես հաղորդավարի Պարոն Ծառուկեանը փառաբանող լորցնաշուրթն խօսքերը, որոնցմէ ետք… բեմ կը բարձրանայ ազատամարտիկ Մակիչը եւ կը սկսի երգել ՛՛Ահա այսպէս արշաւեցին՛՛:

Ու չես կրնար հարց չտալ դուն քեզի.- արդեօ՞ք այս նոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ն է: Կը նայիս դէպի երկինք

բայց չես համարձակիր նոյնիսկ ներողութիւն խնդրել Լիզպոնի նահատակներէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՆՇՄԱՐ .- ԼԻԶՊՈՆԷՆ` ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ 9-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

  1. the writer of this article did a great job in describing the present day attitude of our leadership( or lack of) sister organizations. Instead of incorporating the anniversary of those young guys who sacrificed their life, for the sake of Hayasdan, instead we promote oligarchs who are liturely and figuratively destroying Hayasdan .

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles