ՆՇԱՁՈՂ ԵՒ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

Ա.Ա.

Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ հակասութիւնը շատ յստակ է։ Երեւանի իշխանութիւնները կը խօսին Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին նշաձողը իջեցնելու միջազգային ընտանիքին ակնկալութեան մասին, իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կը շեշտեն կարմիր գիծը, որ կը տեսնեն Արցախի կարգավիճակին պարագային։ Այլ խօսքով՝ Ստեփանակերտ Արցախի կարգավիճակը կը համարէ կարմիր գիծ, զոր կարելի չէ հատել։ Իսկ Երեւան կը խօսի նշաձողի իջեցման հաւանականութեան մասին, որպէսզի ստանայ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը։
Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրը Արցախեան երկրորդ պատերազմէն առաջ կը կոչուէր Արցախի անկախ հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ապահովման խնդիր։ Պատերազմէն ետք Արցախի պետութիւն հասկացողութիւնը փոխուեցաւ եւ ստացաւ «Արցախի կարգավիճակ» եզրը, որ ինքնին անկախ պետութեան գաղափարէն եւ նպատակէն յստակ նահանջ է։ Հոս է, որ հարցին տարբեր երեսները երեւան կու գան։ Ինչպիսի կարգավիճակ պիտի ապահովուի Արցախի, որուն իշխանութիւնները յստակօրէն կը մերժեն Ատրպէյճանի կազմին վերադառնալու քաղաքական որեւէ որոշում եւ կարգադրութիւն։ Այս կեցուածքը շեշտեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան, որ ահազանգ հնչեցուց բնաջնջման իսկական վտանգին մասին, զոր արցախցիները պիտի դիմագրաւեն, եթէ քաղաքական սակարկութիւնները Արցախը վերադարձնեն Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ։ «Անշուշտ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան երաշխաւորութիւնը եւ Արցախին կարգավիճակ մը տալը լաւ է։Բայց խնդիրը այն է, թէ ինչպիսի ապահովութիւն եւ կարգավիճակ պիտի տրուի։Այսինքն Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի կարգավիճակը չի կրնար երաշխաւորել արցախցիներուն ապահովութիւնը։Ընդհակառակը՝ Արցախի եւ արցախցիներուն գոյութիւնը պիտի դրուի հարցականի տակ։Պատերազմ, կոտորած, հայաթափում եւ ցեղասպանութիւն», ահազանգեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, որուն համաձայն, խաղաղութեան օրակարգին մասին խօսիլը չի նշանակեր ընդունիլ Արցախ մը Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ։
Երեւանի իշխանութիւնները այսքան յստակ կեցուածք չունին կամ չեն ցուցաբերեր Արցախի կարգավիճակին մասին։Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի փոխանցուած հինգ առաջարկներուն տրուած վեց կէտերէ պատասխանին մէջ իսկ Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին Երեւանի իշխանութիւններուն կեցուածքն ու դիրքորոշումը անորոշ ձեւակերպում ունի, ինչ որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մղեց լուրջ կասկածի տակ առնելու Արցախի կարգավիճակին նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը։ Վերջերս պաշտօնի կոչուած յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան, որ նախկին ընդդիմադիր մըն է, յայտարարեց, որ «հայկական կողմին համար հիմնարար է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ապահովութեան երաշխաւորումը, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգումը, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցը»։
Իրենց պատասխանին մէջ Երեւանի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն սկսելու բանակցութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար, Մ.Ա.Կ.-ի կանոնադրութեան, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին հիմամբ։ Ըստ Մարուքեանի, այս կէտին մէջ ամրագրուած են ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ այլ կարեւոր իրաւունքներ եւ ազատութիւններ։
Ընդդիմութիւնը սակայն այլ տպաւորութիւն ունի։ Արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ Արցախի կարգավիճակին քննարկում կատարելու վերաբերեալ ոչինչ յստակացնելով՝ Երեւանի իշխանութիւնները, ըստ ընդդիմութեան, կը քողարկեն Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու իրենց միտումը։ Իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները յստակացուցած են իրենց կեցուածքը, որ բարեբախտաբար հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ որդեգրուած է։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles