
Ապրիլ 22-ին, Նիւ Ճըրզիի Ֆորթ Լի շրջանէն ներս, յատուկ հաւաքով մը նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը:
Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկուտական կազմը, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ ՝՝Նարեկ՝՝ վարժարանի աշակերտները, Համազգայնի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներն ու շրջանի քաղաքապետարանէն անդամներ:
Հայ Դատի կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացման աղօթեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն Գարայեան: Հանդիսավարն էր Համազգայինի Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի փոխ-ներկայացուցիչ Յասմիկ Տէր Գրիգորեան-Աբրահամեան: Նայիրի Տիրացոյեան եւ Նայիրի Գաբրիէլեան յաջորդաբար երգեցին ՄիԱցեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները:
Հայ Դատի անունով խօսք առաւ Ճէյմս Սահակեան, որ յայտնեց թէ, սուգի օր չէ միայն այս օրը, այլ նաեւ պայքարի, հաւատքի եւ պահանջքի օր:
Կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
Ֆորթ Լիի քաղաքապետ Մարք Սոքոլիչ հիացմունքով արտայայտուեցաւ շրջանի հայութեան մասին, շեշտելով թէ անոնք ծառայասէր եւ գործօն ժողովուրդ են: Ան Ֆորթ Լիի մէջ, Ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան օր եւ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց շրջանի հայորդիներէն Գրիգոր Խաչատուրեանի, որու ժրաջան աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղած էր կազմակերպել այս հաւաքը:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան Թամար Սամուէլեան (որ սրինգով նուագեց ՛՛Կիլիկիա՛՛ն) եւ Նայիրի Տիրացունեան, որ արտասանեց Սիամանթոյէն արտասանութիւն մը, թարգմանուած Հրանդ Մարգարեանի կողմէ: