
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Մարտ 11-ին, վիճաբանական կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ Հեսքպրուք Հայցի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Նիւ Ճըրզիի Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Արմենական-Յովսէփեան» մասնաճիւղին:
Հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ այս հետաքրքրական ձեռնարկին: Կլոր սեղանի մասնակիցներն էին Ռումանիոյ նախկին տնտեսութեան նախարար՝ Վարուժան Ոսկանեան, Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի օրրկան «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրուան հանդիսավարն էր Նիւ Ճըրզիի հայկակն ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Ապտօ:
Զրուցողները անդրադարձան, թէ ինչո՞ւ անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին կարելի չէ եղած հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին յարիր ու անոր ընկերաքաղաքական իղձերու իրականացման նպաստող սահմանադրութիւն մը որդեգրել եւ թէ ի՞նչ են պատճառները, որ իշխանութիւնը մղեցին սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը յառաջ քաշել ու Հայաստանի կառավարման համակարգը նախագահականէն խորհրդարանական վարչաձեւի անցում կատարել, կամ արդեօք ի՞նչ հիմունքներու վրայ մշակուած սահմանադրութիւններ կրնան քաղաքական հոսանքներու` երկիրը յուզող հարցերու գծով ունեցած մօտեցումներուն համադրումը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ ծայրայեղութիւններու առաջքը առնել եւ ապահովել երկրի բարգաւաճումը:
Ոսկանեան ընդհանրապէս անդրադարձաւ տնտեսական բնագաւառին վրայ, հաստատելով, թէ ժողովրդավարական հաստատ հիմեր պէտք է որ կիրարկուին: Ան յոյս յայտնեց, թէ ապագային կարելի պիտի ըլլայ ճիշտ ուղիով ընդանալ:
Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին նման` բռնատիրական կամ գաղութատիրական կարգերու տակ տուայտող ազգեր ընկերատնտեսական ի՞նչ վիճակ կը պարզեն եւ անկախութեան տիրանալէ ետք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կառավարման ի՞նչ տագնապներ կը դիմագրաւեն` մինչեւ յարմար սահմանադրութեան մը որդեգրումը, որ երկիրը դէպի կայունութիւն ու բարգաւաճում առաջնորդէ: Ան շեշտեց, թէ այս սահմանադրական փոփոխութիւններով կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական նոր մշակոյթի արմատաւորման գործընթացը յառաջ տանիլ:
Յակոբեանի կիզակէտն էր երիտասարդութիւնը, եւ այս սահմանադրական փոփոխութիւններու ընկալումը նոր սերունդին կողմէ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ հիւրասիրութիւն: