
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22-ին, Նիւ Ճըրզիի «Նարեկ» վարժարանը նշեց Թարգմանչաց տօնը: Աշակերտները հանդէս եկան խմբային եւ անհատական ասմունքներով եւ երգեցողութեամբ: Այս առթիւ, Խնամակալ Մարմինը պատրաստած էր գիրքերու և հայ մշակոյթի առնչուող նուէրներու ճոխ վաճառք: Իւրաքանչիւր Հոկտեմբերին տեղի ունեցող այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հայ գիրքը դարձնել մեր վարժարանի աշակերտի կեանքին կարեւոր մասնիկը:
Թարգմանչաց տօնին առթիւ, վարժարանի վերջին երկու տարիներու հունձքին հիւրաբար դասախօսեց դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ պատկերազարդ կերպով ներկայացուց հայերէնի «գաղտնի» աշխարհը, բացատրելով հայ լեզուի արմատները և ճիւղաւորումները տարբեր ժամանակաշրջաններուն մինչեւ ներկայ օրերը։ Շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք կը հաւաքուին երկշաբաթեայ դրութեամբ, դոկտ. Մատթէոսեանի ներկայացումը գտան հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ:
Այս թեռնարկին, իրենց օժանդակութիւնը բերին Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերն ու անդամները։