Անցեալ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ներկայացուց Ուիլիմ Շէյքսփիրի «Տասներկուերորդ Գիշեր» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ Վարդան Գառնիկիի։ Թատերախումբը հմտութեամբ ու անթերի կատարումով ներկայացուց թատերախաղը, որ կը համարուի Շէյքսփիրի ամենահիասքանչ եւ ուրախ սիրային խաղերէն մէկը։


