
ԹՂԹԱԿԻՑ
Շաբաթ, Նոյեմբեր 10-ին, մօտ 850-ի հասնող մշակութասէրներ ներկայ գտնուեցան Նիւ Ճըրզիի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ “Վանուշ Խանամիրեան“ Պարարուեստի Ակադեմիայի միացեալ ձեռնարկին:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի` տիկին Յասմիկ Աբրահամեանի ուղերձով, ընթացք առաւ այս պարի ու երգի համոյթը, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի “Լօտա“ քաղաքի “Ֆիլիշըն“ Գոլէճի թատերասրահին մէջ:
Տիկին Աբրահամեան իր բացման խօսքի ընթացքին ըսաւ.- “Համազգայինը ունի 84 տարուայ պատմութիւն, իսկ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը 44, ու այս 44 տարիներու ընթացքին, Համազգայինը ունեցած է բազմաթիւ եւ այլազան ձեռնարկներ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան կապերը աւելի եւս զօրացան հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեամբ“ տիկին Աբրահամեան իր խօսքը վերջացուց յորդորելով “ճիգ չխնայենք պահելու, պահպանելու, տարածելու ու զարգացնելու մեզի փոխանցուած այս հարուստ մշակութային ժառանգը“ ապա բեմ հրաւիրեց Լուսին Ճրճրեանի, որ իր կարգին անդրադարձաւ տարուած աշխատանքի տարողութեանը, մասնաւորաբար դրուատելով պարուսոյց Թովմաս Յարութիւնեանը, որուն ղեկավարութեան տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի “Նայիրի“ եւ Ֆիլատելֆիոյ “Մեղրի“ պարախումբերն ու “Վանուշ Խանամիրեան“ Պարի Ակադեմիայի Նիւ Եորքի եւ Քենեթիքէթի պարախումբերը:
Թովմաս Յարութիւնեան ծնած է Թիֆլիս: Ինը տարեկանին իր պարի ուսումը կը սկսի: 1977ին ան կը փոխադրուի Երեւան: “Գանազ“ պարախումբի գլխաւոր մենապարողը կ՛ըլլայ տարուան մը ընթացքին: 1981 թուականին կը միանայ Հայաստանի Պետական Համոյթին` ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր պարարուեստագէտ պրն. Վանուշ Խանամիրեանի: Յարութիւնեան կը ներկայանայ նշանաւոր բեմերու վրայ Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Ան կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ 1993 թուին: Պրն. Յարութիւնեան կը հիմնադրէ եւ կը ղեկավարէ “Վանուշ Խանամիրեան“ Պարի Ակադեմիան Նիւ Եորքի եւ Քենեթիքէթի մէջ: Իր տաղանդաւոր պալէ պարող տիկնոջ Լուտմիլայի հետ:
2004-ին Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կրկին անգամ յառաջացուց իր նորակազմ “Նայիրի“ պարախումբը: “Նայիրի“ պարախումբին կը մասնակցին վաթսունէ աւելի երկսեռ պարողներ` կրտսերներ եւ պատանիներ` տարիքային տարբեր բաժանմունքներով: 2010 թուէն սկսեալ Պարախումբին ղեկավարը եւ պարուսոյցն է` տաղանդաւոր, հանրածանօթ եւ համաշխարհային բեմերու վրայ հանդէս եկած` պարոն Թովմաս Յարութիւնեանը:
“Նայիրի“ պարախումբը բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է զանազան առիթներով եւ ձեռնարկներով այս շրջանի ու այլ շրջաններու մէջ: Սոյն ելոյթներուն մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է հանդիսատեսներուն մօտ իր աւանդական հայկական պարային շարժուձեւերով:
Ֆիլատելֆիոյ` Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը` 2011 թուականին կը հիմնէ “Մեղրի“ պարախումբը: Միայն քանի մը եռանդուն երիտասարդներէ բաղկացած այս խումբը իր մէջ ունենալով սէր` հայ ազգային պարերու եւ մանաւանդ իղձը, պահպանելու եւ պահելու հայկական մշակոյթը իր աւանդական երգերով ու պարերով առանց յուսահատելու, կը սկսի իր աշխատանքին:
“Մեղրի“ Պարախումբը` իր պարուսոյց ու գեղարուեստական ղեկավար` Թովմաս Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ` տարուան մը ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած է ազգագրական պարերով` հայ գաղութի եւ տեղական փառատօներու, իր մասնակցութիւնը բերելով եւ հանդիսատեսին միշտ նորութիւն մը հրամցնելով:
Յայտագրի մեծ մասը տրամադրուած էր Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերուն, որոնք ամենայն հմտութեամբ, արդիական երաժշտութեամբ, երբեմն ալ թատերասրահի պատի երկու կողմերը, մեծ պաստառներու վրայ ներկայացուած երգերու եւ տեսարաններու ընդմէջէն, այնքան խանդավառեցին ներկաները, որ երբեմն նոյնիսկ անցքերուն մէջ պարելով ու երգերով, մասնակից եղան ձեռնարկին:
Երեւան ծնած Արշակեան քոյրերը, 2009-ի Eurovision Song Contest-ին իրենց “Ջան Ջան“ երգով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացուցին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած փառատօնին:
Հաճելի ու գօտեպնդիչ էր տեսնել որ յայտագրին մաս կը կազմէին մօտ 140 պատանիներ, որոնք իրենց հայկական գաւառական պարով եւ սիրուն տարազներով խրախուսեցին ներկաները:
Յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու մասով եւփակման երգն էր Ինկա Անուշ քոյրերու աշխարհահռչակ “Մենք Եւ մԵր Սարերը“ երգը, որուն միացան եւ բեմը լեցուցին Համազգային “Նայիրի“, “Մեղրի“ եւ “Վանուշ Խանամիրեան“ պարախումբերը իրենց յատուկ պարային հայկական շարժուձեւով խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին:
Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, վերջին երգը կրկնուեցաւ, յայտագրի մասնակցողները արդէն բեմի վրայ էին երբ Թովմաս եւ իր կողակիցը` Լուտմիլան, բեմ հրաւիրուեցան եւ ընդհանուր ծափողջուններու մէջ ծաղկեփոյնջեր ստացան թէ Յարութիւնեան ամոլը թէ Արշակեան քոյրերը:
Անմոռանալի տպաւորութիւններով ու մշակութային կապուածութեամբ, ներկաները չկամութեամբ մեկնեցան, անհամբեր սպասելով յաջորդ ձեռնարկին: