
Read Time:19 Second
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Նոյեմբեր 4-ին, Էնկլվուտ-Քլիֆս շրջանի քաղաքապետ Մարիօ Քրանիաք քաղաքապետարանին անունով բանաձեւ որդեգրեց` ճանչնալով Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ դատապարտելով ազրպէյճանական եւ թրքական յարձակումները Արցախի հայերուն վրայ: «Համեստ կարծիքս այն է, որ խելամիտ մարդոց հետ միշտ կարելի է գտնել խաղաղութեան ճամբան, եւ մենք միշտ պէտք է գտնենք այդ ճամբան եւ ոչ թէ տագնապի փակուղին», ըսաւ քաղաքապետ Մարիօ Քրանիաք: