Գլխաւոր

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՅԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

dsc_0004dsc_0014

Լուսանկարներ`

Ռոպերթ Կարապետեանի

Իննիսուն տարի անընդմէջ «Մէյսիս» առեւտրական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ կը նշուի Գոհաբանութեան աւանդական տօնին առթիւ կատարուած շքերթը:dsc_0016
Հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ այս շքերթին, որ այս տարի կատարուեցաւ Նոյեմբեր 24-ին: Առաջին անգամ ըլլալով, այս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող ձեռնարկին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոսթընի «Սայաթ Նովա» պարախումբը: Ներկայ զբօսաշրջիկներ եւ տեղացիներ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Սայաթ Նովա»ի ելոյթը, որ կը բաղկանար հայկական ազգագրական պարերէ: Մեծ հմտութեամբ ներկայացուեցան պարերը:dsc_0042

1986-ին, Պոսթընի մէջ հիմնուած այս պարախումբին ղեկավարն է Աբօ Աշճեանը, որ բազմիցս մասնակցած է փառատօններու եւ ելոյթներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի զանազան գաղթօճախներէն ներս: 1995-ին, «Սայաթ Նովա» պարախումբը այցելած է Հայաստան եւ շրջագայած ու կատարած բազմաթիւ ելոյթներ:dsc_0031

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button