Լրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԽԱՉՔԱՐԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 6 Յունուարին, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Ա.Մ.Ն Արեւելեան .Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան, որուն կնքահայրն էր Ռաֆայէլ Եսայեան՝ որդի տէր եւ տիկ. Պետրոս եւ Լիզա Եսայեաններու։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան՝ Վենեզուելայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ, եւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Ներսէսեան՝ Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) պատուակալ հովիւ։

Ջրօրհնէքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց խաչքար մը, զոր Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. նուիրած է Մայր Եկեղեցւոյ ի յիշատակ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Աշճեանի։ Օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի քրոջ՝ Հռիփսիմէ Աշճեանի, եւ ընտանեկան պարագաներու ներկայութեան։ Տէր Հայրը, ոգեկոչելով Մեսրոպ Սրբազանի յիշատակը, յայտնեց, թէ որոշած էր նուէրը կատարել Մայր Եկեղեցւոյ, որովհետեւ հոն էր, ուր քահանայ ձեռնադրուած էր հանգուցեալ Սրբազան Հօր կողմէ։ Խաչքարը՝ գեղեցկօրէն փորագրուած փայտի վրայ, պիտի տեղադրուի եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած կողմնակի խորանին եւ աւանդատան դրան միջեւ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button