
Կիրակի, Յունուար 12-ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան “Մայր“ Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ , Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Տօնական վաճառք զարդեղէններու եւ ընկերուհիներու կողմէ սիրայօժար պատրաստուած զանազան ճաշատեսակներու:
Ներկայ էր եկեղեցւոյ հովիւ` Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, Հ.Օ.Մ.-ուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը որոնք եկած էին քաջալերելու Հ.Օ.Մ.-ի վաճառքը:
Սրահը կը նմանէր գեղեցիկ ծաղկահանդէսի մը : Զարդարուած էր նուէրներով եւ հայկական համեղ ճաշերով, որ պատրաստած էին մասնաճիւղիս ընկերուհիները: Իսկ սրահի կեդրոնը` գունազարդ սեղաններու շուրջ նստած էին բարեկամներ եւ ընկերուհիներ ու, ազգային մտահոգութիւններու մասին ջերմ ու հաճելի խօսակցութիւններով, ժամանակ կ՛անցնէին: Ներկաները քաջալերեցին Հ.Օ.Մ.-ուհիներու աշխատանքը եւ մեծ խանդավառութեամբ գնեցին պատրաստուած համեղ ճաշատեսակներն ու զանազան նուէրները` նիւթապէս օգտակար դառնալով Հ.Օ.Մ.-ին:
Մասնաճիւղի ընկերուհիները միասին գործակցելով, խմբային աշխոյժ աշխատանքով, ձեռք-ձեռքի տալով եւ ամենայն նուիրումով սատար հանդիսացան Հ.Օ.Մ.-ի այս տարեկան ձեռնարկին:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն որոնք աշխատեցան այս ձեռնարկի յաջողութեան համար: Այս կը փաստէ թէ Հ.Օ.Մ.-ուհին ազգասիրութեամբ եւ անսակարկ անձնազոհողութեամբ յարատեւօրէն կը ծառայէ հայ ժողովուրդին:
Արեւշատութեան, առողջութեան, անհատնում նուիրումի ու անսպառ եռանդի լաւագոյն մաղթանքներ բոլորիդ, շատ սիրելի Հ.Օ.Մ.-ի “Մայր“ մասնաճիւղի ընկերուհիներ:
ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆ