ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ.Յ.Դ. ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան, Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու եւ Մարիա Թիթիզեան

Յունիս 21-22ին, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը: Այս առթիւ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը:

Նիստին ընթացքին, քննուեցան համաշխարհային տնտեսութեան, կլիմայի, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ հիւլէական զէնքին առնչուող հարցեր: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի ու Ընկերվար Միջազգայնականի պատասխանատուներէն՝ Մարիա Թիթիզեանի կողքին: Նախքան խորհուրդին ժողովը, Թիթիզեան մասնակցած էր նաեւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներուն նուիրուած խորհրդաժողովի մը:

Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու, Ֆրանսայի նախագահական նախկին թեկնածու Սեկոլէն Ռուայալ, Գանատայի Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ճէք Լէյթըն, ,ՀամաՀնդկաստան Քոնկրէս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Տիկվիճայ Սինկ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:
Հ.Յ.Դ.-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէուի հետ, քննելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը:

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին ու շրջանին վերջին իրադարձութեանց մասին իրենց կարծիքները ներկայացուցին Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք, ,Մերէց» կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ավշալոմ Վիլան, Պաղեստինեան ,Ֆաթհ» կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ամմար Հիժազի եւ Պաղեստինեան Ազգային նախաձեռնութենէն՝ Մուսթաֆա Պարղութի: Նաեւ, շեշտուեցաւ համաշխարհային աւելի լաւ համակարգուած տնտեսութիւն մը մէջտեղ բերելու կարեւորութիւնը, որուն շուրջ քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան Գանատայի մէջ կայանալիք »G20»ի գերաստիճանին:

Հ.Յ.Դ.-ի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Շուէտէն, Աւստրալիայէն, Վրաստանէն, Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն եւ Կիպրոսէն ժամանած ներկայացուցիչներու հետ: Ապա պատուիրակութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ, Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles