ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԱՌԱ­ՋԻՆ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ 95-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:10 Minute, 10 Second

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա. ԳՐԻ­ԳՈՐ­ԵԱՆ

Շա­բաթ, Յու­նիս 1, 2013 երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Նիւ Եոր­քի “Ար­մէն Գա­րօ“ կոմ­տէի, Նիւ Եոր­քի Հայ Կեդ­րո­նում (Վուտ­սայտ) տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան 95-ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը:

Հան­դի­սու­թիւնը սկսեց, Հան­րա­պե­տու­թեան օրհ­ներ­գի նուա­գով որը “թրոմ­փե­թով“ կա­տա­րեց պա­տա­նի Պետ­րոս Վա­նէ­սը:

“Ար­մէն Գա­րօ“ կո­մի­տէի եւ կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նախմ­բի անու­նից, բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Արա Գաբրի­էլ­եա­նը, բեմ հրա­ւիր­ուե­ցին, Ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­հա­նա­ներ` Տ. Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եա­ն եւ Տ. Նա­րեկ քհնյ. Թրթռեան, որոնք մի­աս­նա­բար օրհ­նե­ցին սե­ղա­նը:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին`  Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րո­յի ան­դա­մ ընկ. Յա­կոբ Խա­չատր­եա­նը: Կ. Կո­մի­տէի հեր­թա­պահ եւ փոխ հեր­թա­պահ ըն­կեր­ներ` Ռի­չըրտ Սա­րաճ­եա­նը եւ Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նը:

Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը ներ­կա­յաց­նում էր` ըն­կե­րու­հի Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եա­նը: Սրա­հը լե­ցուն էր, միու­թիւն­նե­րի, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ­ի­ ան­դամ­նե­րով եւ հա­մա­կիր­նե­րով:

Ընկ. Արա Գաբրի­էլ­եա­նը, իր բաց­ման խօս­քի մէջ նշեց.- “սի­րե­լի ըն­կեր­ներ եւ յար­գե­լի բա­րե­կամ­ներ պատ­մու­թեան մէջ կան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող թուա­կան­ներ, որոնց մա­սին անդ­րա­դառ­նալն ու ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տե­լը, չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է եւ մի­ա­ժա­մա­նակ ու­սա­նե­լի: Մա­յիս 28ը այդ­պի­սի թուա­կան­նե­րէն մէկն է: Դա­րե­րով, պե­տա­կա­նու­թիւ­նից զուրկ մեր ազ­գը, Եղեռ­նէն յե­տոյ կորստ­եան եզ­րին կանգ­նած, շնոր­հիւ Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու ազ­գա­յին մի­աս­նա­կան ու­ժե­րի լա­րու­մով հայ­րե­նի­քի փոք­րիկ հո­ղա­շեր­տի վրայ ստեղ­ծեց մեր ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւնը, որի 95րդ տա­րե­դարձն ենք ու­րա­խու­թեամբ տօ­նում այ­սօր: Պէտք է միշտ յի­շենք, որ եթէ չստեղծ­ուէր այդ հան­րա­պե­տու­թիւնը, այսօր չէ­ինք ու­նե­նար ներ­կայ Հա­յաս­տա­նը, որուն հետ այն­քան յոյ­սեր կա­պած ենք բո­լորս: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը 70 տա­րի սփիւռ­քում սրբու­թեամբ պա­հեց առա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­նիշ­նե­րը` Եռա­գոյ­նը, պե­տա­կան զի­նան­շանն ու մէկ օրհ­ներ­գը: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը այդ խորհր­դա­նիշ­նե­րով, նոր սե­րունդ­ներ դաստ­ի­ա­րա­կեց“: Ընկ. Արան, իր խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով նշեց “Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շատ անե­լիք ու­նի Հա­յաս­տա­նի, հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ տա­կա­ւին չլուծ­ուած Հայ Դա­տի նկատ­մամբ“:

Ընկ. Արան նշեց, որ Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Պատ­գա­մա­ւոր ընկ. Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նը իրե­նից ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով չկա­րո­ղա­ցաւ ներ­կայ գտնուիլ այս օր­ուան բա­նա­խօ­սու­թեան հա­մար, բայց մի­ա­ժա­մա­նակ ու­րախ ենք, որ գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սու­թիւնը պի­տի կա­տա­րի Գե­րա­գոյն Մարմ­նի ան­դամ եւ Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ ընկ. Յա­կոբ Խա­չատուր­եա­նը:

Ընկ. Արան տուեց ընկ. Յա­կոբ Խա­չատր­եա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը եւ վա­րած ազ­գա­յին կու­սակ­ցա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Ընկ. Յա­կո­բը նախ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րին եւ նշեց որ իր երի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րը անց է կա­ցել Նիւ Եոր­քի մէջ, շուրջ 30 տա­րի առաջ:

Ընկ. Յա­կո­բը նշեց “Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ ժո­ղովր­դի մաս­նակ­ցու­թեամբ կերտ­ուեց Մա­յիս­եան սխրան­քը, փշրեց վեր­ջին դա­րե­րու ստրկա­կան հո­գե­բա­նու­թիւնը, հայ ժո­ղովր­դի մէջ ստեղ­ծե­լով յոյս իր ապա­գա­յի նկատ­մամբ: Մա­յիս 28ով ոչ միայն հիմք դրուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի առա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան այլ հայ ժո­ղովր­դի մէջ ստեղ­ծեց ազա­տու­թեան հու­րը, մին­չեւ Ղա­րա­բաղ­եան ազա­տա­տեն­չա­կան հե­րո­սա­մար­տե­րը: Այ­սօր այս ար­ժէք­նե­րով կը սնու­ցենք հայ ժո­ղո­վուր­դը թէ Հա­յաս­տա­նում եւ թէ հա­յա­պատ­կան այլ հո­ղե­րու վրայ: Այ­սօր հայ ժո­ղովր­դի գլխա­ւոր եր­կու հատ­ուած­ներ այս ար­ժէք­նե­րու շա­ղա­խով կի­մաս­տա­ւո­րեն մէկ ժո­ղովր­դի, մէկ ազ­գի պատ­կա­նե­լիու­թեան տես­լա­կա­նը: Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին Հ. Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­թուն պա­հա­կի ներ­կա­յու­թիւնը կը դրսե­ւոր­ուի ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­մամբ, ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րի մար­զե­րից ներս գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ: Այս պատ­ճա­ռով է որ անհ­րա­ժեշտ է ամ­րապն­դել, պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը եւ ս­տեղ­ծել իրա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, կա­րե­ւոր է մի­ա­ժա­մա­նակ մեծ պայ­քար սկսել ար­տա­գաղ­թի ծա­ւալ­ման դէմ“:

Ընկ. Յա­կո­բը կա­րե­ւոր հա­մա­րեց Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը Ար­ցախ­եան հիմ­նախնդ­րի բար­ւոք լուծ­ման հա­մար, հան­գա­մա­նօ­րէն խօ­սեց “Ջա­ւախ­քի խնդրի կար­գա­ւոր­ման շուրջ, կոչ արեց մի­աս­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ յա­մառ եւ շա­րու­նա­կա­կան պայ­քար մղել հայ ժո­ղովր­դի իրա­ւունք­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան եւ Հայ Դա­տի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հա­մար“:

Պատ­րաստ­ուած էր ճոխ ընթ­րիք: Ու­րախ մթնո­լոր­տը շա­րու­նակ­ուեց մին­չեւ ուշ գի­շեր:

Նուա­գում էր Գէ­որգ Ար­թին­եա­նի խում­բը:

 

 

Ձախէն աջ` Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորքի ``Արմէն Գարօ`` կոմիտէութեան հերթապահ), Ռիչըրտ Սարաճեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կ.Կոմիտէի ներկայացուցիչ,  Յակոբ Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ) եւ օրուան հանդիսավար Արա Գաբրիէլեան
Ձախէն աջ` Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորքի “Արմէն Գարօ“ կոմիտէութեան հերթապահ), Ռիչըրտ Սարաճեան (Ա.Մ.Ն.
Արեւելեան շրջանի Կ.Կոմիտէի ներկայացուցիչ,
Յակոբ Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ)
եւ օրուան հանդիսավար Արա Գաբրիէլեան

 

ՍՐՏԻ ՑԱ­ՒՈՎ, ԵՐ­ԿՈՒ ՏՈ­ՂՈՎ

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Նիւ Եորք

Մեծ ու­րա­խու­թեամբ Յու­նիս 1-ի երե­կոյ­եան ներ­կայ եղայ Նիւ Եոր­քի մէջ կա­տարո­ւող Մա­յիս 28-ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան:

Սա­կայն ի ցա­ւօք սրտի, կարճ մի­ջո­ցում, ու­րա­խու­թիւնս տխուր վախ­ճան ու­նե­ցաւ երբ յա­տուկ հրաւիր­ուած նուա­գախմ­բի եր­գի­չը տե­ղի տուեց արա­բե­րէն լե­զուով եր­գի:

Իսկ մինչ այդ երգ­ուեց մի քա­նի մեր ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րից, որոնց մէջ նշմար­ւում էր, դարձ­եալ, արա­բա­կան եւ մեզ ոչ սի­րե­լի պե­տու­թեան եր­գե­րի եղա­նակ­նե­րը հա­յե­րէն բա­ռե­րով:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին պատ­ուե­լի հիւ­րեր մօ­տա­կայ նա­հանգ­նե­րից եւ յար­գե­լի օր­ուայ բա­նա­խօ­սը, որը պատ­շա­ճօ­րէն եւ լա­ւա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Մա­յիս 28-ի օր­ուայ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան փա­ռա­հեղ յաղ­թա­նա­կի իրա­գոր­ծու­թեան, պատ­մու­թեան-իմաս­տին եւ դրան հե­տե­ւող նպա­տակ­նի­րի երա­զանք­նե­րին` տե­ղի տա­լով այ­սօր­ուայ Ազատ եւ Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան:

Յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Յ.Դ.-ի դե­րը Սփիւռ­քի մէջ կա­տա­րած իր մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­նե­րին, սեր­մա­նե­լու հայ պատ­մու­թիւնն ու հայ լե­զուն, հայ­րե­նի­քից դուրս ապ­րող հա­յին: Պահ­պա­նու­մը հայ մշա­կոյ­թի. հայ ազգ ապ­րե­լու նպա­տա­կով:

Ժա­մը 11-ը անց էր. նախ­քան հան­դի­սու­թեան աւար­տին, արա­բա­կան եր­գի ըն­թաց­քին, դժկա­մօ­րէն ու տխրա­դէմ թո­ղեցի սրա­հը:

Ամ­բողջ գի­շե­րը մի միտք էի անում. արդ­եօ՞ք որ ազ­գը իր ան­կա­խու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հան­դի­սու­թեան մի ու­րիշ ազ­գի եր­գը կ՛եր­գի:

Մի­թէ՞ այս­տեղ ապար­դիւն է մեր տքնա­ջան աշ­խա­տանքն ու զո­հա­բե­րու­թիւնը հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման խնդրում: Չէ որ ազ­գե­րը գո­յատեւում են իրենց մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­մով:

Ար­դէն եւ իսկ, ամե­րի­կա­ծին սե­րուն­դը շատ առի­թը չու­նի մաս­նակ­ցե­լու հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի, լի­նի դա կազ­մա­կեր­պու­թիւն, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, բա­նա­խօ­սու­թիւն կամ մի այլ հայ­կա­կան ձեռ­նարկ: Վստա­հա­բար կա­րող եմ ասել, որ բարձր-դպրո­ցա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ գոր­ծի շրջա­նում իսկ հա­յե­րէն խօ­սե­լու առի­թը չի ներ­կա­յա­նում: Եւ նոյ­նիսկ որոշ հայ ըն­տա­նիք­նե­րում աւե­լի շատ տի­րա­պե­տում է ոչ հա­յե­րէն լե­լուն: Ու­րեմն, այս­պի­սի հայ­րե­նա­սի­րա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը պէտ­ք է, որ լեց­նեն այդ պա­կա­սը որոշ չա­փով, իմաց­նել տա­լու եւ խրա­խու­սե­լու ազ­գա­պահ­պա­նու­մի կարեւորու­թիւնը հայ­րե­նի­քից դուրս ափե­րում:

Յա­ջորդ օրը լսե­ցի, որ իմ մէկ­նու­մից յե­տոյ երգ­ուել է հայ­րե­նա­սի­րա­կան, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր: Բայց ին­չու՞ ոչ սկիզ­բէն, երբ մուտք էինք գոր­ծում դէ­պի սրահ, գո­նէ փա­ռա­ւոր­ուէ­ինք եւ ու­րա­խա­նա­յինք մեզ այ­քան մօ­տիկ ու սի­րե­լի, մեր սքան­չե­լի հայ­րե­նա­սի­րակն ու յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով, որ լսե­լիս կար­ծես ինչ որ մի անա­սե­լի հայ­կա­կան զգա­ցում է առա­ջա­նում երակ­նե­րիդ մէջ քո պա­պե­նա­կան հո­ղից հե­ռու:

Ին­չո՞ւ մեր կա­նաչ դաշ­տե­րի ու նո­րա­բուս հաս­կե­րի ջու­րը պղտո­րենք ու յե­տոյ աշ­խա­տանք տա­նենք պար­զե­լու: Ախր ին­չո՞ւ … :

Փառք Մա­յիս 28-ը կեր­տող ան­մահ հե­րոս­նե­րի յի­շա­տա­կին:

Յա­ւէտ ապ­րի մեր Ան­կախ Հա­յաս­տա­նը:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles