ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 58-ՐԴ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:4 Minute, 50 Second

NRA

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական 58-րդ ժողովը, գումարուեցաւ Նիւ Եորքի Տակլըսթըն շրջանին մէջ, Մայիս 12-էն 14,նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Կատարուեցան Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները:IMG_6517
Ազգային Վարչութեան անդամներն են՝ Յակոբ Ճէք Մարտոյեան (ատենապետ), Նուպար Մկրեան (փոխ-ատենապետ), Սիւզըն Չիթճեան Էրիքսըն (ատենադպիր), Տենի Կիւլպէնկեան (գանձապահ), Մարք Ֆիլիփս, Քարէն Ճիհանեան եւ Վեհ Պզտիկեան: Իսկ կրօնական Խորհուրդի անդամներն են՝ Տէր Ներսէս Աւագ քհնյ. Մանուկեան, Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան ըսաւ թէ.- «Անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակն էր: Յիշեցինք ու յիշեցուցինք: 101-րդ տարին, Ապրիլեան սուրբերու մեր բանակին հետ, դարձեալ արդարութեան մնայուն յիշեցումի տարի է: Այդ արդարութիւնը ամենէն առաջ մեզ պէտք է ոգեւորէ, մեր ոգեւորութիւնը պահանջատիրութեամբ զսպա-նակուի, եւ պահանջատիրութեամբ՝ իրաւունքներու տիրացումին առաջնորդէ: Սրտով ու հոգիով պէտք է փարինք մեր պարտաւորութեանց՝ նահատակութեան սիրոյն, որ միայն անցեալ չէ, այլ այսօր եւս կը սաւառնի մեր Հայրենիքին վրայ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Հայութիւնը լրիւ ամբողջութիւն մըն է, եւ ուր ալ գտնուինք, մեր մարմնին ոեւէ անդամի մը ցաւը, զգանք որպէս ցաւը բոլոր մարմնին, ազգային հասկացողութեամբ՝ ամբողջ հայութեան: Կը ցաւինք, կը տագնապինք ի լուր Հայրենի մեր աշխարհին դիմագրաւած վտանգներուն, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդին զգացած անորոշութեան դիմաց: Պատիւ բոլոր մեր արենակիցներուն, որոնք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կը դիմագրաւեն այս բոլորը, պատերազմն ու աւերը, եւ կը մնան պատնէշի վրայ, պահելով հող ու երկիր, մշակոյթ ու ոգի՝ կերտելով մեր նորօրեայ պատմութեան սխրագործական դրուագները: Հայրենիքի ու հայու-թեան հանդէպ ծառայութեան գեղեցկագոյն եւ բարձրագոյն վկայութիւնն է ասիկա»: 095K0059
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը բծախնդրութեամբ յառաջ տարած է միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններ։ Անցնող տարուան ընթացքին այդ յարաբերութիւնները շարունակուեցան կանոնաւոր կերպով՝ Առաջնորդ Սրբազան Օշական Չօլոյեան եւ Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի աշխատանքով: Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին առընթեր,Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Անցնող տարեշրջանի ընթացքին Սրբազան Հայրը տարբեր առիթներով գտնուեցաւ Անթիլիաս եւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վեհափառ Հօր հետ։ Անոնք միասնաբար քննարկեցին Կաթողիկոսութեան ու մեր Թեմին կապուած հարցեր։ Յուլիս 11, 2015-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Լիբանան մեկնեցաւ ներկայ ըլլալու Սուրբ Միւռոնի Օրհնութեան: Նոյեմբեր 29 – Դեկտեմբեր 8, 2015-ին Սրբազան Հայրը այցելեց Անթիլիաս՝ հանդիպելու Նորին Սրբութեան:095K9937
Փետրուար 7 – 17, 2016-ին Ազգային Վարչութեան փոխատենապետ տիար Նուպար Մկրեանի հետ ան մեկնեցաւ Լիբանան, ներկայ ըլլալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Կրօնական եւ Ազգային Վարչութեան Ժողովներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը զանազան առիթներով կապ պահեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետին հետ։ Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին հետ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ տեղական բնոյթ ունեցող հարցեր: Այս հանդիպումները մեծապէս օգտակար եղան թիւրիմացութիւններ յստակացնելու, ինչպէս նաեւ հնարաւոր համագործակցութեան մարզեր որոնելու։
Նշենք թէ, ընդառաջելով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի ու Ազգային եւ Կրօնական Վարչութեանց հրաւէրին, Մայիս 2015-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, ժամանած էր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջան:
Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Տիթրոյթ, Շիքակօ, Պոսթըն եւ այլ շրջաններու համայնքները ուր իր հայրական պատգամը փոխանցեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
Արամ Ա. այս այցելութեան առիթով յատուկ ուշադրութիւն դարձուց նոր սերունդին, երկու հանդիպումներ ունենալով նախ Նիւ Եորքի եւ ապա Պոսթընի ու շրջակայից երիտասարդութեան հետ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ գանատայի Թեմերու Առաջնորդներուն նախագահութեամբ, հոգեւորականաց միացեալ համագումարը տեղի ունեցաւՀոկտեմբերին, հիւրընկալութեամբ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ: Համագումարը ընթացաւ եկեղեցական արարողութիւններով եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով: Կլոր սեղանի նիստերու ընթացքին քննարկուեցան հովուական» դաստիարակչական ու ծիսական հարցեր եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ: Հոգեւորականները նաեւ գործօն զօրակցութիւն յայտնեցին Սիսի Մայրավանքի վերատիրացման համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Ս. Աթոռոյս Դպրեվանքի վերելքին:095K9878
Ազգային Առաջնորդարանը յատուկ ծրագրով մեծ ճիգ կը թափէ ստուարացնելու համար մեր Թեմի հոգեւորականներու դասը՝ նուիրեալ եւ պատրաստուած երիտասարդ քահանաներով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն կապ կը պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութեան հետ, որպէսզի նոր թեկնածուներ ապահովէ։
Զարեհեան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Պետրոս Սարկաւագ Մանճիկեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ընդունուած է որպէս թեկնածու քահանայութեան եւ այժմ իր ուսումը կը շարունակէ Լիբանանի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբա- նական Համալսարանին մէջ:
Միւս կողմէ, հրամանաւ եւ կարգադրութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հաւանութեամբ Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովին, Հոգեշնորհ Տ. Ղեւոնդ Վարդապետ Բենթեզեան հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ։ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Եպիսկոպոս յընթացս Սուրբ Պատարագի, Հայր Ղեւոնդը ներկայացուց Շիքակոյի մեր համայնքին, մաղթելով որ փոխադարձ սիրով, յարգանքով ու հասկացողութեամբ անոնք գործակցին ի խնդիր գաղութին պայծառացման։
Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի համագումարը տեղի ունեցաւ Փետրուար 2-4, 2016-ին, նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Ուայթընսվիլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան։ Համագումարի խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն էր Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հայրապետական պատգամը, որով 2016 թուականը կը հռչակէր «Ծառայութեան Տարի»։ Դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսըն դասախօսեց միասեռականներու ամուսնութեան առընչուող օրինական հարցերու եւ եկեղեցւոյ դիրքորոշման իրաւունքներու մասին: Դատաւոր Էրիքսընին կ’ընկերակցէր դոկտորական տիտղոսի թեկնածու Սարին Յակոբեանը: Քննարկուեցան նաեւ հովուական կեանքի հետ առընչուած զանազան հարցեր եւ մտահոգութիւններ։095K9890
Թեմի կրօնական եւ դաստիարակութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները կþիրականացուին Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան գրասենեակին կողմէ, որուն վարիչ քարտուղարն է Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեանը։
Կրօնական դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ Առաջնորդարանիս կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը, որուն համար թէ՛ Առաջնորդարանը եւ թէ՛ մեր բոլոր եկեղեցիները կը գործադրեն ու կþիրականացնեն ծրագրուած բոլոր աշխատանքները։ Աւետարանի ճշմարտութեանց տարա-ծումը եւ այս նպատակով նուիրեալ անձերու պատրաստութիւնը, պատանիներու մէջ հաւատքի ներարկումը եւ գործնական նպատակներով օգտակար գիրքերու հրատարակութիւնը կորիզը կը կազմեն այն կենսական աշխատանքին, որու միջոցաւ թեմը կը ջանայ քրիստոնէական հաւատքը վառ պահել եւ տարածել մեր հաւատացեալներուն մէջ։
Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան Գրասենեակին կազմակերպութեամբ» Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի 29-րդ տարուան դասընթացքները տեղի ունեցան Յունիս 28-էն Յուլիս 5, 2015-ին, Էլվըրսընի (Փենսիլվանիա) մէջ, 48 ուսանողներու մասնակացութեամբ։
Դասաւանդուած նիւթերն էին՝ ներածութիւն Հին եւ Նոր Կտակարաններու, Սուրբ Պատարագ, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, եօթը խորհուրդներ, ժամերգութիւններ եւ յատուկ արարողութիւններ, բարոյագիտութիւն« մատենագրութիւն, ընկերային եւ երիտասարդական հարցեր։ Նշենք թէ, ամառնային այս լսարանի երեսուներորդ տարեշրջանը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 3-10, 2016-ին, միեւնոյն վայրին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles