
Փետրուար 27-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիւ Եորքի գրասենեակին մէջ, նշուեցաւ Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, գործակցութեամբ Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-ի Ներկայացուցչութեան: Արդարեւ, 1988ին երբ Խորհրդային Միութիւնը իր փլուզման առաջ սկսած էր գտնուիլ Ատրպէյճանի թուրք-թաթարները պատեհ առիթը գտած էին Պաքուի, Կիրովապատի ու Սումկայիթի մէջ ապրող աւելի քան երեք հարիւր հազար հայերու հանդէպ հալածանքն ու կոտորածը իրագործելու:
Այդ տխուր դէպքերուն, տաս տարեկան Աննան (Անոյշը) ընտանիքով կրցած էր ապաստան գտնել Երեւան, գետնայարկ յարկաբաժինի մը մէջ, ուրկէ անցած էր Մոսկուա եւ ապա` Միացեալ Նահանգներ: Աննան այդ օրերէն պահած էր օրագրութիւն` անցած դէպքերուն մասին վկայակոչելով տառապանքի ճանապարհը, հալածանքը, զգուշաւոր նիստ ու կացը, ապրուած զգացումները, անորոշութեան օրերը: Աւելի ուշ, արդէն Ամերիկայի մէջ ընտանիք կազմած, իրաւաբանութեան վկայական ստացած Աննան զանոնք կը յանձնէր հատորի մը` անգլերէն լեզուով` “Nowhere“ A story of exile (Ոչ մէկ տեղ – Աքսորի մը պատմութիւնը):
Շարիս Պօղոսեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ձեռնարկներու պատասխանատուն կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք խօսք առաւ Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-ի մօտ հաւատարմատար Կարէն Նազարեան: Ան նշեց Սումկայիթի զոհերու յիշատակը եւ հանգամանօրէն արտայայտուեցաւ Մ.Ա.Կ.-էն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եղած աշխատանքներուն մասին: Գնահատեց հեղինակին կատարած գործը հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով, մանաւանդ Ամերիկայի զանազան նահանգներու մէջ (ինչպէս` Մէյն) պետական քաղաքական դէմքերուն իր կատարած դիմումներուն, որոնք վերջին տարիներուն արդիւնաւորուեցան ի նպաստ Ղարաբաղին:
Իր գիրքը ներկայացուց Աննա Աստուածատուրեանը (Թիւրքոթ), մերթ ընդ մերթ կարդալով հատուածներ անկէ: Ան յուզումնախառն արտայայտուեցաւ այն բոլոր տխուր դէպքերուն մասին, որոնք գալեցին իր հետ տեղահանութեան այս ամբողջ ընթացքին: Ան զգուշացուց ներկաները ըլլալու արթուն, երբ ազերիներ սկսած են հակաբրոբականտի արշաւի մը Նիւ Եորքի պողոտաներէն սկսած` ապակողմնորոշել ջանալով միամիտ անցորդները թէ հայերն են եղած Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած սպանդին: Աննան կոչ ըրաւ ներկաներուն միանալու Հայ Դատի հետապնդման համար տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շարունակելու պայքարը այդ ուղղութեամբ:
Ան սիրայօժար տուաւ պատասխաններ ներկայացուած հարցերուն, որմէ ետք ներկաներուն տրամադրուած իր գիրքերը ան ստորագրեց: