
Պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով, Նիւ Եորքի «Գառնըկի» համերգասրահի տնօրէնութիւնը ջնջած է երաժշտական բոլոր յայտագիրները, մինչեւ Մարտ ամսուան վերջը։ Այս պատճառով, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդարանին կազմակերպած «Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 37րդ տարեկան համերգը, որ տեղի պիտի ունենար այս Կիրակի, Մարտ 15-ին, դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեանի, սոփրանօ Աննա Հայրապետեանի եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ, նոյնպէս ջնջուած է։
Եթէ ձեր տոմսը գնած էիք «Գառնըկի»-ի միջոցաւ, հաճեցէք դիմել համերգասրահի տոմսարկղին՝ հատուցում ստանալու համար, իսկ եթէ գնած էիք Առաջնորդարանի միջոցաւ, հաճեցէք կապուիլ 212-689-7810 թիւին։