Ամերիկահայ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷԻ ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, Հոկտեմբեր 23-ին,Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան ներկայացուց իր վերջին երկու գիրքերը՝ “Artsakh: The Photographer’s Eye” եւ “Armenia Heaven on Earth”։

Հրայր Բազէ լուսանկարած է Հայաստանի, Արցախի, Ղրիմի, Իրանի, Լիբանանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Սուրբ Տեղերու մէջ։ Ան նկարագրեց իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու աշխարհի շուրջ վերջին երեսուն տարիներուն եւ հիւրերուն հետ բաժնեկից եղաւ իր նկարներուն, հայ մշակոյթի ու ժառանգութեան շուրջ իր ուրոյն տեսանկիւնը ներկայացնելով։

Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, ներկայացուց հիւրը։

Գիրքերու ներկայացման աւարտին, լուսանկարիչը մակագրեց իր հատորները։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button