ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:34 Second


Կիրակի, Հոկտեմբեր 9-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 15-22 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու հաւաքոյթ մը՝ եկեղեցւոյ առաջին երիտասարդական ծրագրի բացումը նախապատրաստելու եւ այդ առիթով մտքերու փոխանակում ունենալու համար։

Ժողովը վարեցին Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, մեթր Արմէն Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ փոխատենապետ, ներկայացնելով ծրագրի մանրամասնութիւնները, ինչպէս եւ այն մտքերը, որոնք ծնունդ տուած էին այս գաղափարին։ Մասնակիցներէն շատեր երկար տարիներ եկեղեցի յաճախած էին, մասնակցելով Կիրակնօրեայ դպրոցին եւ այլ յայտագիրներու, իսկ ուրիշներ նորեկներ էին։ Անոնք բազմաթիւ շինիչ ու շահեկան առաջարկներ բերելով, որոնց նպատակը մէկ էր՝ վայր մը ստեղծել, ուր մեր երիտասարդութիւնը մեր հաւատքը, մեր մշակոյթն ու մեր պատմութիւնը արծարծէ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles