
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Սեպտեմբեր 18-ին, «Պարտութենէ դէպի վերածնունդ» խորագրով ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, որ բոլոր ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն հանդէպ իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար այս դժուարին ժամանակներուն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնած ծրագիրներուն։ Տէր Հայրը ներկայացուց Հ․Յ․Դ․ «Արցախ ֆոնտ»-ի պատասխանատուներէն Փօլին Տոսթումեանը, որ իր կարգին ֆոնտի գործունէութիւնը ներկայացուց Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ու անդրադարձաւ ֆոնտի կողմէ հովանաւորուած « Վերելք» ծրագրին։ Ապա Տոսթումեանը ներկայացուց Հայաստանէն հիւրաբար ժամանած Հ․Յ․Դ․ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հայրենադարձներու յանձնախումբի պատասխանատու Ժիրայր Պէօճէքեանը, որ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն եւ Թուրքիոյ կատարած դերին, ինչպէս եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ Սփիւռքի միասնական յանձնառութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան։

