ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՔԱՐՆԸԿԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ԵԼՈՅԹ` ՊԱՏԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second


Ֆլօրէնս Աւագեան
Թարգմ.՝ Զարմինէ Պօղոսեան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երկու տօնակատարութիւն՝ մէկ ելոյթով: Տաղանդաւոր պատանի-պատանուհիներու քաջալերանքի այս ձեռնարկը, որ կը կազմակերպուի անցնող տասը տարիէ ի վեր, բեմ կը հանէ մեր համայնքէն երաժշտական տաղանդ ունեցողներ (10-18 տարեկան) Նիւ Եորքի -Carnegie Weill համերգասրահին մէջ: Այս ձեռնարկով միաժամանակ նշուեցաւ Direct Help for Armenian People (DHAP)-ին տասնամեակը եւ մայրաքաղաք Էրեբունի-Երեւանին 2800-ամեակը:
Բարեսիրական այս կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Դոկտ. Սվետլանա Ամիրխանեանը իր բացման խօսքով ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, օրուան մասնակիցներն ու ծնողները, զանոնք ներկայացնելով եզրափակիչ տօնական այս համերգին որպէս 2018 տարուան տաղանդաւոր մասնակիցները, որոնք արժանացած էին այսօրուան ելոյթին, քննիչ յանձնախումբի զտումի քննութիւններէն ետք:
Հանդէսին բացումը կատարեց Հոգշ. Տ. Սիմէոն Վրդ. Օտապաշեանը, Ս. Վարդան Մայր Տաճարի առաջնորդական փոխանորդը: Ապա՝ հանդիսավար Եուճինիա Սարեանը վարեց յայտագիրը հանգամանօրէն ներկայացնելով իւրաքանչիւր պատանի արուեստագէտը:
Համազգայինի ՛՛Արեգակ՛՛ պատանեկան երգչախումբէն 17 պատանիներ բեմ բարձրացան իրենց ղեկավար Վաղարշակ Օհանեանին առաջնորդութեամբ արժանանալով սրահը լեցնող հանդիսատեսին խանդավառ ծափողջիւններուն: Խումբը յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ուրախ եւ ներդաշնակ ելոյթով, քանի մը հայերէն հայրենասիրական երգեր հրամցնելով:
Առանձին ելոյթ ունեցողներուն մեծամասնութեան նախընտրած երաժիշտը Արամ Խաչատուրեանն էր: Դաշնակահարներ Դաւիթ Աւետիսեանը, Եանա Բրախինան, եւ Մաքսիմ Ցովիքը, Ալեքս Վարդանեանը խոր ըմբռնումով կատարեցին Խաչատուրեանի Վալսը, իսկ Քամի Հօլը՝ նոյնքան ապրումով հրամցուց Սոնաթինան: Տպաւորիչ էին տաղանդաշատ դաշնակահարներ Մայքըլ Խուրին՝ իր հրամցուցած Պէթհովէինի “Sonata in F Minor” -ով եւ Էնտրիւ Պօլտինը Էտ Պաղտասարեանի “Prelude in B Minor”-ի ելոյթով:
Սրահին մէջ արձագանգող եւ օդին մէջ թեւածող քնքոյշ հնչիւններով մեներգիչ պատանուհիներ՝ Անահիտ Ինջիգուլեանը, Ալիս Մաշէնսքին, Քրիսթինա Քէրէսթէճեանը իրենց անոյշ ձայներով խորապէս յուզեցին ներկաները: Իսկ շատ սիրուած Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը խոր ներշնչումով եւ սքանչելի կատարողութեամբ հրամցուցին Սարին եւ Արիա Պալեան քոյրերը:
Ջութակահար Արէն Առաքելեանի հրամցուցած Պաղտասարեանին գեղեցիկ “Nocturne” –ը իր նուրբ ու փափուկ կատարողութեամբ արժանացաւ մեծ գնահատանքի: Ապա Ռոպէրթ Ուորտի ժամանակակից եւ դժուար մէկ կտորը՝ “Concerto for Saxophone” իր բոլոր նրբութիւններով կրցաւ հրամցնել Դաւիթ Յովհաննիսեանը:
Թաւջութակահար Լորա Նաւասարդեանը հրաշալի վարպետութեամբ կատարեց Քապալեվսքիի “Concerto No.1 in G Minor”, իր տաղանդաւոր մօր՝ Լիլիթ Նաւասարդեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ հմայելով բոլորին: Փայլուն հնչերանգներով, հրաշալի թէքնիքով եւ խոր զգացումներով հանդէս եկող այս երիտասարդուհին արդէն պատրաստ է արհեստավարժ բեմերէն ծափահարուելու:
Հանդէսի աւարտին Համազգայինի Արեգակ պատանեկան երգչափումբը կրկին բեմ ելաւ օրուան եզրափակիչ ելոյթով մը, որ յատկապէս նուիրուած էր նորոգ հանգուցեալ շանսոնի անզուգական վարպետ Շարլ Ազնաւուրին: Անոնք հրամցուցին Ազնաւուրի «Հայաստան» եւ Էտկար Յովհաննէսեանի «էրեբունի-Երեւան» երգերը, արժանանալով յոտնկայս ծափահարութեան:
Փակման արարողութեան ընթացքին գնահատական ծաղկեփունջերու արժանացան անցնող տասը տարիներու ընթացքին անխոնջ աշխատող եւ նահանջել չգիտցող Դոկտ. Սվետլանա Ամիրխանեանը, Մարինա Պաղտասարովնան եւ Եուճինիա Սարեանը:
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի նորանշանակ ներկայացուցիչ Դեսպան՝ Տիար Մհեր Մարգարեանը, իր գնահատանքի խօսքերուն հետ այս ժրաջան երրորդութեան յանձնեց գնահատագրեր: Մէկ այլ գնահատագիր տրուեցաւ նաեւ Վաղարշակ Օհանեանին՝ անցնող տասնամեակին երաժշտական խորհրդատուի հանգամանքով իր նուիրեալ ծառայութեան համար:
՛՛Թէքէեան՛՛ Մշակութային Միութեան պատուակալ ատենապետ՝ Յակոբ Վարդիվառեան հայերէն լեզուով եւ խանդավառօրէն ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց կազմակերպողները, որոնք կրցած էին ոչ միայն քաջալերել եւ բեմ հանել մեր տաղանդաւոր նոր սերունդը, այլ նման տարեկան ելոյթներով ՀԱՅ ՇՈՒՆՉ ներարկել նոր սերունդին հոգիներէն ներս:
Բժշկուհի Իրինա Կակոսեան եւ իր ամուսինը՝ Բժիշկ Քէն Կիրակոսեանը արժանացան յատուկ գնահատանքի օրուան ելոյթին իրենց ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ առատաձեռն բարերարութեան համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles