
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10-ին, Նիւ Եորքի մէջ բազմահազար հայեր ցոյցի ելած էին Մանհաթընի մէջ։
«Ճշմարտութիւնը տեղեկագրեցէք» բնաբանով ցոյցը ուղղուած էր մետիային, որպէսզի աւելի ուշադրութիւն ընծայէ Արցախի դէմ ազերի-թրքական յարձակման ու աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդէ։ Ստորեւ, այս առթիւ, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․Դանիէլեանի պատգամը․-
«Սիրելի հայրենակիցներ եւ բոլոր անոնք, որոնք հոս եկած են որպէս Ազատներու Երկրի քաղաքացիներ,
Այսօր հաւաքուած ենք մեր ձայնը բարձրացնելու յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան, այն երկու բեւեռները, որոնք մարդկութիւնը կը պահեն այս երկրագունդին մէջ, որ մեր հասարակաց տունն է։
Սեպտեմբեր 27էն ի վեր, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, ամիսներով գրգռիչ յայտարարութիւններ կատարելէ ետք, կատաղի յարձակման ձեռնարկած են մեր հայրենի հողին մէկ մասին՝ Արցախի վրայ։
Անցեալ երկու շաբաթներուն, իր արդիական զէնքերով, ազերի բանակը անողոք կերպով ռմբակոծած է քաղաքային թիրախներ, ներառեալ՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, եկեղեցիներ, բնակելի շէնքեր եւ այլ ենթակառոյցներ Արցախի մէջ, ամբողջովին անտեսելով միջազգային բոլոր համաձայնութիւնները, 1994ին կնքուած հրադադարի պայմանները եւ Մինսկի խումբը ատենապետող երկիրներու, որոնց շարքին մեր երկրի՝ Միացեալ Նահանգներու ուղղակի կոչերը։ Ատրպէյճանի յարձակողական ջանքերը մինչեւ օրս անյաջող անցած են, քանի Արցախի քաղաքացիները, իրենց Հայաստանէն եղբայրներու օգնութեամբ, չէզոքացուցած են մեր հայրենիքին դէմ յարձակումները։
Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրներու կողքին, վկայ ենք միջազգային լրատուներու անկարողութեան՝ այս յարձակումը իր բուն բնոյթով ներկայացնելու, այսինքն՝ հայ ժողովուրդի ինքնիշխան տարածքի ուղղակի ներխուժում, այն ժողովուրդը, որ 1991ին Արցախի Հանրապետութիւնը հաստատեց, հետեւելու նախկին Խորհրդային Միութեան օրինական կարգուսարքին։ Փոխարէնը՝ լրատուները յաճախ այս յարձակումը կը ներկայացնեն որպէս տեղական կռիւ մը, կամ հակամարտութիւն մը, ուր երկու կողմերը ձեւով մը յանցաւոր են՝ փոխադարձաբար ռմբակոծելով իրարու դիրքերը։ Ճշմարտութենէն աւելի հեռու բան կարելի չէ երեւակայել։
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր այստեղ ենք՝ մեր ձայնը բարձրացնելու եւ լրատուներուն յիշեցնելու իրենց բարոյական պարտաւորութիւնը՝ փաստերը տեղեկագրելու առարկայօրէն, անկողմնակալօրէն եւ ճշմարտօրէն, որպէսզի աշխարհը իմանայ Ատրպէյճանի առանց դրդապատճառի եւ վտանգաւոր ռազմական արարքին մասին, որ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը եւ հովանաւորութիւնը ունի։
Այսօր այստեղ կը գտնուինք ո՛չ թէ լրատուական միջոցներէն խնդրելու, որ Հայաստանի կամ Արցախի կողմը բռնեն, այլ պահանջելու, որ հանրութեան ճշմարտութիւնը մատուցանեն։ Ճշմարտութիւն մը, որ հիմնուած է հետեւեալ իրողութիւններուն վրայ.
— Թուրքիա՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից մը, զինուած ամերիկեան Ֆ-16 կործանիչներով, կը ռմբակոծէ Հայաստանը առանց գրգրռութեան, Արցախի վրայ ազերի յարձակումը շրջանային պատերազմի վերածելու կարելիութիւնը ընդլայնելով։
— Թուրքիա՝ իբրեւ Ատրպէյճանի ընծայած աջակցութեան մէկ մասը, ճիհատականներու ահաբեկչական խումբեր կը տրամադրէ, նոր Ալ-Քայտան, Միացեալ Նահանգներու նոյն թշնամին, որ 2001ին այս երկրի վրայ յարձակում մը գործադրեց, որ արժեց աւելի քան 3.000 անմեղ ամերիկացի տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու կեանքը, ինչպէս եւ միլիառաւոր տոլարներու կորուստ։
–
— Արցախի բանակը իր ռումբերը անմեղ քաղաքացիներու վրայ չի տեղացներ, ինչպէս ազերիները կ՚ընեն, այլ միայն զինուորական ռազմագիտական վայրեր թիրախ կը դարձնէ, ինչպէս Գանձակի օդակայնը, ինքնապաշտպանական նպատակներով։
— Արցախը Ատրպէյճանի պատմական մաս չի կազմեր, այլ կցուած է Ատրպէյճանին 1923ին՝ Ստալինի քմայքոտ որոշումով, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր ինքնորոշման սահմանադրական իրաւունքը գործադրէր՝ նախկին Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն հռչակելով 1991ին եւ իրենց ազատութիւնն ու ինքնութիւնը վերահաստատելով։
— Լեռնային Ղարաբաղի դէմ մղուող պատերազմը դիւրութեամբ շրջանային հակամարտութիւն մը կրնայ դառնալ եւ ամէն ակնկալութենէ անդին անցնիլ, բացի եթէ համաշխարհային հանրութիւնը իր իրաւական ու բարոյական հեղինակութիւնը հաստատէ եւ վերջ դնէ Արցախի հայութեան դէմ այս օրինազանց յարձակման։
Այո՛, այսօր հոս ենք՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար։ Հոս ենք ո՛չ միայն հասկացողութիւն խնդրելու, այլ ճշմարտութիւն պահանջելու, ճշմարտութիւն մը, որ պատասխանատու լրագրութեան ու լրատուութեան առաքելութեան, արժանապատուութեան եւ համբաւի անկիւնաքարն է։ Հոս ենք բոլոր լրատուներուն կոչ ուղղելու, որ ուշադրութիւն դարձնեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օրինազանց արարքներուն վրայ՝ հայոց հայրենիքի, յատկապէս՝ Արցախի վրայ յարձակելով։ Թող Աստուած օրհնէ բոլորս՝ մեր ղեկավարները, մեր լրատուները, եւ ընկերութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչ, պատասխանելով մեր աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն՝ ի խնդիր արդարութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման՝ մարդկութեան եւ յատկապէս մեր արցախեան հողի բարօրութեան համար»։