

Յունիս 15, Ուրբաթ երեկոյեան, Վուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը:
Ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, Խնամակալ Մարմնի անդամներ, Հ.Օ.Մ.-ուհիներ, Հայ դպրոցով մտահոգ անհատներ եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ արդէն լեցուցած էին սրահը: Բեմը եւ սրահը ճաշակով եւ գեղեցկօրէն զարդարուած էին, աշակերտներու ձեռային աշխատանքներով, շնորհիւ` վկայեալ արուեստի ուսուցչուհի` Եանա Մարտիրոսեանի:

Աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին երգելով, Ամերիկեան քայլերգը, Հայաստանի Օրհներգը եւ Վարժարանի քայլերգը: Տարբեր դասարաններու աշակերտներ ելոյթ ունեցան կամ առանձնապէս եւ կամ խմբովին արտասանելով “Ցտեսութիւն Դպրոց եւ Մանկապարտէզ“, “Հրաժեշտ Այբբենարանին“, “Առաջ, առաջ Հայաստան“ եւ “Մայրենի Լեզու“: Նոյն ձեւով երգեցին “Կիլիկիա“, “Նուպարի Պոյը“ եւ “Ալագեազ“ Ներկայացուցին նաեւ Հայկական թատերախաղ մը “Ոսկին“ խորագրով, հեղինակ` Ստեփան Զօրեան: Աշակերտները ինքնավստահ, անսխալ, սահուն հայերէնով եւ հարազատ առոգանութեամբ ներկայացուցին երաժշտութեամբ եւ պարով համեմուած այս կտորը որը իսկապէս կը վկայէր Հայ Դպրոցի եւ հայեցի դաստիարակութեան ազդեցութիւնը: Աշակերտները երգեցին նաեւ անգլերէն երգեր դարձեալ սահուն եւ տպաւորիչ:

Բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհին` Քրիստինա Րիկըլօֆ իսկ Ծնողական Յանձնախումբի կողմէ խօսք առաւ Արամ Հէքինեան:
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ Լագիսեան, բաշխեց վկայականները` Մանկապարտէզէն երկու շրջանաւարտներու` Լուսինէ Շահվէրտեան եւ Մասիս Եոնան: Յանձնեց նաեւ նուէրներ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Իր փակման խօսքին մէջ Տէր Մեսրոպ շեշտեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ նշեց որ “Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպած Աշակերտական Մրցոյթին` Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանէն մասնակցող բոլոր աշակերտները, անսխալ էին ուղղագրութեան բաժնին մէջ: Դպրոցին իրապէս պատիւ բերող արդիւնք մը“:

Արժանապատիւ Տէր Հայրը աւելցուց նաեւ որ “Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած շարադրութեան մրցոյթին, դպրոցի աշակերտներէն` Սիմոն Փոմաքեան ստացած է գնահատագիր“: Երկու յաղթանակ եւ երկու բարենիշ միաժամանակ: Ապա Տէր Հօր հրաւէրով բեմ բարձրացաւ Հ.Օ.Մ.-ի Մայր Մասնաճիւղի ատենապետուհին` ընկհ. Անայիս Չոլաքեան որը շրջանաւարտներուն նուէրներ յանձնեց Մասնաճիւղին կողմէ եւ նշեց որ “Դպրոցի հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր` Նիւ Եորքի Հ.Օ.Մ.ի Մայր Մասնաճիւղը, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապես նեցուկ կանգնած է այս վարժարանին“:

Սրտագին շնորհակալութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ տնօրէնուհի` Քրիստինա Րիկըլօֆին, ուսուցիչներ` Զմրուխտ Մարգարեանին, Գայանէ Գաբրիէլեանին Սթիւըն Հանըքին, Սարգիս Աբէլեանին, Եանա Մարտիրոսեանին եւ Շուշան Սաւզեանին: Վերջինս երգեհոնով ընկերացաւ աշակերտներու բոլոր երգերուն:

Հանդէսէն ետք Տէր Մեսրոպ Քհնյ Լագիսեան, աշակերտներով շրջապատուած օրհնեց հիւրասիրութեան սեղանը եւ միասնաբար աղօթեցին “Հայր Մեր“ը:
Յուզիչ պատկեր մը` որ փակուեցաւ այս տպաւորիչ Ամավերջի հանդէսը:
Որքան իմաստալից են Խորենացիի անմահ բառերը` “Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր“:
Ներկայ մը