
Լուսանկարներ՝ ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ապրիլ 9-ին, Ատրպէյճանի կատարած վայրագ յարձակումին դէմ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ, Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մօտակայքը: Այս հաւաքը կազմակերպուած էր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Հ.Յ.Դ.-ի («Արմէն Գարօ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններ) կողմէ:
Ի յիշատակ, հայրենիքին համար զոհուած զինուորներուն, հոգեհանգստեան աղօթք կատարեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցուոյ հովիւ՝ Մեսրոպ Լագիսեանը։ 250-է աւելի հայորդիներ շամանած էին իրենց բողոքը արտայայտելու: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, խօսք առաւ Արամ Յովակիմեան, որ պահանջեց Պաքուէն ամէն, կասեցնել անմեղներու հանդէպ կատարած իր ռմբակոծումները:
Հաւաքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ անուանի գրող, տոքթ. Հրանդ Մարգարեանը, որ ըսաւ.- «Այսօր որպէսզի մենք կարողանանք պատմութեանը նայել բաց աչքերով, պէտք է յիշենք մեր նահատակներուն, մեր անցեալը։ Դուք, որպէս երիտասարդներ այստեղ հաւաքուած, թուրքին ու ազերիին, այդ խրտուիլակներուն պիտի ըսէք՝ չի կրնար այդ ազգին տեղաշարժ ընել, որովհետեւ այդ ազգը պատմութիւն ունի:
Այդ նոյն թուրքը կ՛ուզէ ձախողեցնել մեր պատմութեան ընթացքը, սակայն պիտի չյաջողի: Սիրելիներ մենք զէնք մը ունինք, որ ազերին ու թուրքը չունին: Մենք հաւատք ունինք պատմութեան հանդէպ, նահատակներ ունինք մեր մէջ: Մենք այդ ժողովուրդն ենք , որ ոչ ոք չի կրնար շարժել իր տեղեն։ Արցախը մինակ չէ, Հայաստանը մինակ չէ, մենք ամբողջական՝ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ մէկ շունչ ենք, մէկ պատմութիւն, մէկ պահանջք, մէկ յաղթանակ ։ Այդ յաղթանակն է, որ մենք կը սպասենք»։
Հաւաքը աւարտեցաւ Արցախին նուիրուած երգերով: