
ՏԱԿԼԸՍԹԸՆ (Նիւ Եորք).- Շաբաթ, Մայիս 21-ին Մայիսեան անկախութեան 104-ամեակը նշուեցաւ, տեղւոյն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավարն էր Արմէն Գաբրիէլեանը, որ բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ Արամ Գալուստեանը: «Միասնաբար գործելով կրցանք ճակատիլ եւ անկարելին իրականացուցինք, պարտութեան մատնելով թշնամին: Դժբախտաբար, այսօր կը պակսի այդ միասնականութիւնն ու Արամ Մանուկեանի նման ղեկավարներու ստեղծած ժառանգութիւնը: Երեսուն տարի առաջ ալ, այդ միասնաբար գործակցութիւնը կերտեց Արցախի ազատագրումը: Այսօր դժբախտաբար չկայ այդ կացութիւնն ու ղեկավարութիւնը», ըսաւ Գալուստեան:
Օրուան բանախօսն էր Վաչէ Բրուտեանը, որ տպաւորիչ կերպով նկարագրեց 104 տարի առաջ կատարուած հրաշքը, անգամ մը եւս շեշտելով, թէ այնքան ատեն որ կամք, հաւատք եւ բերկրանք գոյութիւն ունի, կարելի է նմանօրինակ յաղթանակներ կերտել:
Ան յայտնեց, թէ հայորդին դարձած էր արիւնաքամ եւ թրքական բանակները հասած էին Երեւանի դռներուն, եւ Հայաստանը, լքուած իր բախտին, իրողապէս ոջնջանալու սպառնալիքին դիմաց կը գտնուէր: «Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ եւ սուրբ արիւնով Մայիսեան յաղթանակը ապահովեց»,ըսաւ Բրուտեան ` աւելցնելով, որ Մայիսի 28-ը հայոց պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկն է:
Այս առթիւ, շրջանէն վեց երտասարդ նորագիրներ կատարեցին իրենց երդումը եւ միացան Հ.Յ.Դ. շարքերուն, կնքահահայրութեամբ Վաչէ Բրուտեանի:
Շրջանի հովիւ Արժ․ Տէր Նարեկ քհն․ Թրթռեանի աղօթքով, աւարտեցաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան: