
Լուսանկարներ` Հէրի Գունտաքճեանի եւ Ռոպերթ Կարապետեանի
Ապրիլ 22, Կիրակի օր կէսօրէ ետք, Վարդանանց Ասպետներու աւանդական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, տեղատարափ անձրեւներու բերումով, փոխան Նիւ Եորքի “Թայմզ“ հրապարակին նշուեցաւ Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի համալիրի “Գավուքճեան“ հանդիսասրահին մէջ, աւելի քան 1500 հայորդիներու ներկայութեան: Խիտ շարքերով հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, այս տարի, աւելի քան նախորդ տարիներէն զգալի էր:

Ներկայ էին, Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող չորս հայուհիներ, ծնած պատմական մեր հայրենիքին ու Կիլիկիոյ մէջ. երիցագոյնը` Շապին Գարահիսար` 102 տարեկան: Անոնք խոստացան հասնիլ մինչեւ հարիւրամեակ:

Միացեալ այս հանդիսութեան դարձեալ ներկայ գտնուեցան ու իրենց խօսքերը փոխանցեցին երկու նահանգներու` Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցչական Տան անդամներ` Քոնկրէսականներ:

Ամերիկեան եւ հայկական հիմներու ունկնդրութենէն ետք, երգուած օրիորդ Անի Ճրճրեանի կողմէ, այսպէս յաջորդաբար խօսք առին քոնկրէսական Քարոլայն Մոլանի (Նիւ Եորք նահանգէն), ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէս (Նիւ Ճըրզի), Նիւ Եորքի ծերակուտական եւ մնայուն բարեկամը հայոց իրաւունքները պաշտպանող ու աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր այս հրապարակային հանդիսութեան ներկայ եղող Չաք Շումըր:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ քոնկրէսէն ներս հայկական հարցերու համաատենապետ` Նիւ Ճըրզիէն քոնկրէսական Ֆրէնք Փըլոն, որ ցաւ յայտնեց թէ այս տարի եւս ձեռնունայն կը ներկայանայ հայութեան, առանց կարենալ յաջողցնելու Ցեղասպանութեան ճանաչումը քոնկրէսէն ներս: Ան ըսաւ թէ թրքական լոպիինկի աշխատանքը եւ Արտաքին Գործոց նախարարին տխուր միջամտութիւնները, արգելք կը հանդիսանան որ հասունցած այդ օրէնքը ի նպաստ հայ ժողովուրդին քուէարկուի:

Քաղաքական բոլոր դէմքերը խոստացան անսակարկ, առանց վհատումի շարունակել տանիլ իրենց աշխատանքը եւ յուսատու գտան որ հարիւրամեակի առթիւ գոնէ Ամերիկայի Քոնկրէսին մարդասիրական խիղճը վերադառնայ յանուն արդարութեան:

Հանդիսութեան բացման, որուն ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւորականներէն ոմանք, կատարեցին աղօթք, իսկ Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ Տոքթ. Տէնիս Փափազեան յանուն իր ղեկավարած եղբայրակցութեան անգամ մը եւս յայտարարեց որ պիտի շարունակուին նման հրապարակային միջոցառումներ մինչեւ որ արդարութիւնը գտնէ ի նպաստ մեր նահատակներուն: Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ մանաւանդ անոր ատենապետին Պրն. Հրանդ Կիւլեանին, որ ամենայն բծախնդրութեան ու հակառակ աննպաստ օդին, շատ կարճ ժամանակուան ընթացքին կրցած էր լաւագոյնս կազմակերպել համաժողովրդական այս հաւաքը:

Օրուան անակնկալն էր յայտագրին մասնակցութիւնը հայրենի զոյգ տաղանդաւոր աստղերուն` Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ Ռայիսա Մկրտչեանի, որոնք Նիւ Եորք կը գտնուին մասնակցելու Հայոց բանակի հիմնադրութեան եւ Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-ի միացման քսանամեակի զոյգ տարեդարձներուն գեղարուեստական յայտագրին: Անոնք յաջորդաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր` “Զարթիր Լաօ“ եւ “Ազգ Փառապանծ“ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:

Խօսք առին նաեւ Նիւ Եորք քաղաքապետարանի պատասխանատուներէն` Jան Լու, որուն քաղաքական ասպարէզը շուտով կրնայ ընդարձակուիլ, եւ ստանձնել Նիւ Եորքի քաղաքապետի պաշտօնը: Նաեւ խօսք առին Նաթալի Գաբրիէլեան (Հ.Բ.Ը.Մ.), Ճորճ Աղճայեան (Հայ Դատ) եւ Ալեքս Գէորգեան (Հայկական Համագումար), որոնք փոխանցեցին պատշաճ գաղափարներ:
Հուսկ երգուեցաւ “God Bless America“ հայրենասիրական երգը Այա Աւշարեանի կողմէ:
Դէպի հարիւրամեակ ընթացող ճանապարհին վրայ նիւ եորքահայութիւնը իր կազմակերպութիւններով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, ամէն ճնշում բանեցնելու քոնկրէսի զոյգ պալատներէն ներս իր ներկայացուցիչներուն շարունակելու համար արդարութիւնը բրելու հայութեան: