
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ եւ Շաբաթ Մայիս 11-12-ին, Գոլոմպիա համալսարանին մէջ, Հ.Յ.Դ. Արեւեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ §Արմինիըն Ռիվիու¦-ի, Հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկին (NAASR) եւ Գոլոմպիա համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովը:
Երկօրեայ գիտաժողովը ընթացաւ հինգ ենթաբաժանումներով: Այս նիստերը համադրեցին զրուցավարներ, ներկայացնելով դասախօսներն ու նիւթերը եւ ներկաներուն առիթ տալով հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն: Ուրբաթ օրուայ եւ Շաբաթ օրուայ վերոյիշեալ բացման զրոյցները կատարուեցան անգլերէնով, իսկ մնացեալները կատարուեցան տարբեր սրահներու մէջ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով:
Այս առթիւ, յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին մեծառուեցաւ երկար տարիներու վաստակ եւ հանգամանք վայելող փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ խօսք ուղղեց ակադեմականներուն, շարունակել Հայ Դատի աշխատանքը բեմահարթակներուն վրայ, թէ լոպիինկի բնագաւառներէն ներս: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ: