ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ .- «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

ham nyc hajian

«Համազգային»ի Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի Մասնաճիւղը ծրագրած է կազմակերպել մանկապատանեկան երգչախումբ մը: Աայս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած է հանրածանօթ թենոր՝ Գէորգ Հաճեան ղեկավարելու երգչախումբը։
Այս հսկայական աշխատանքին հիմնական հովանաւորն է՝ Հ. Յ. Դ. Նիւ Եորքի Արմէն Գարօ Կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ:
Գէորգ Հաճեան, ծնած է Այնճար, Լիբանան, 1971-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ: 1984-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» Դպրեվանքը, որուն ընթացքը ամբողջութեամբ աւարտած է 1992-ին:
Յաճախած է Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, հետեւելով հանրածանօթ խմբավար՝ Յարութիւն Թօփիկեանի դասաւանդութեանց:
Փոքր տարիքէն երաժշտութեան հանդէպ իր մէջ աճած սէրը ու Աստուածային պարգեւը՝հնչեղ եւ զօրեղ ձայնը դարձնելով զինք շնորհալի երգիչ, ոչ միայն մասնակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Համազգայինի «Կոմիտաս», «Պարոյր Սեւակ» եւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբերուն որպէս մեներգիչ, այլ իր ծննդավայր Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի երգչախումբին ղեկավարութիւնը ստանձնելով եւ մասնակցելով «Բարսեղ Կանաչեան» մրցոյթին, որ 14 դպրոցներու մէջէն շահած է առաջնութիւնը:
Հաճեան մենահամերգներով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի, Արցախի, Վիեննայի, Սլովինիայի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլիոյ, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Քուէյթի, Քաթարի, Պարսկաստանի ու այլ վայրերու մէջ:
2005-ին, իր կնոջ եւ զաւկին հետ վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան: Այստեղ կը յաճախէ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցը, որուն ձայնամարզումի դասընթացքը կ՛աւարտէ 2009-ին:
Այժմ իր Մագիստրոսի տիտղոսին համար կը հետեւի հռչակաւոր օփերայի երգիչ՝ Բարսեղ Թումանեանի դասընթացքներուն:
Հաճեան մեներգիչ է նաեւ Երեւանի «Շարական» միջնադարեան երաժշտութեան համոյթին, ղեկավարութեամբ հմուտ երաժշտագէտ՝ Դանիէլ Երաժիշտի:
Երիտասարդ երգիչը արդէն իսկ հեղինակ է երեք խտասալիքներու:
– «Կոմիտասեան Երախայրիք»
– «Զքեզ Օրհնեմք»
– «Հայաստանը Երգերում»
Նոյեմբեր 2011-ին մասնակցելով Իտալիոյ “International Competition of Opera Singers”-ին, կը դասուի լաւագոյն 10-ին մէջ եւ կ՛արժանանայ յատուկ պատուոյ յիշատակութեան:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել.- Տիկ. Աստղիկ Սեւակին՝ 718-566-8397, կամ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ 212-689-5880:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles