Նիւ եորքի Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» Մասնաճիւղ.- Տպաւորիչ Եւ Յուզիչ Ձեռնարկ Մը

0 0
Read Time:1 Minute, 41 Second


Նիւ եորքի Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Նոյեմբեր 12-ին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ հանգանակութիւն Նիւ եորքի հռչակաւոր «Ալմայաս» ճաշարանին մէջ: Որոշուած է եկամուտը ամբողջովին յատկացնել Արցախի վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորներու ֆոնտին:
Յուզուած եմ: կը մտածեմ — Երանի ամէն կազմակերպութիւն ձեւով մը փորձէր օգտակար ըլլալ Արցախի մեր հաշմանդամ զինուորներուն: Կարծեմ հարուստներու առատ նուիրատվուութենէն զատ, ժողովուրդն ալ իր համեստ նուէրով ընդհանուր ճիգին կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել:
Սրահը ժամանակէն առաջ լեցուած էր արդէն, երբ հեւ ի հեւ ներս կը մտնեմ: հպարտութեամբ եւ անհուն գոհւնակութեամբ կը մտածեմ : Ժողովուրդը կը վստահի Հ.Օ.Մ.-ին եւ ահա եկած է Արցախին օգտակար ըլլալու: Յանկարծ կարծես Երեւան եմ եւ Հ.Օ.Մ.-ուհիներով հիւանդանոց կ՚երթանք հաշմանդամ զինուորներուն այցելելու: Մեզ հետ էր երիտասարդ զինուորական մը, որը կաղալով կը քալէր սակայն բարձր տրամադրութէամբ: Երբ հաշմանդամ զինուորներու սենեակն էինք, լայն ժպիտով եւ բարձրաձայն՝ «Կը լաւանաք» ըսաւ: «Ինձ նայէցէք, երկու ոտքերս եւ մէկ թեւս հայրենիքիս նուէր տուի եւ այսօր ահաւասիկ կրնամ քալել եւ վնասուած թեւս կրնամ գործածել»: Արցունքս կը զսպեմ, այս հաշմանդամ զինուորին դրական ու քաջալերական խօսքերը կարող էր մեռելը անգամ գերեզմանէն հանել: Ինչ հրաշալի սերունդ է մեծցած պատերազմի կրակներուն մէջ կը խորհիմ: իսկ մենք սփիւռքահայերս՝ գոնէ նիւթականով օգնենք հաշմանդամներուն եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Վերադառնանք Նիւ Եորք Հ.Օ.Մ.-ի ձեռնարկին:
Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապէտուհին ընկհ. Անի Ներսէսեան որը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բացատրեց օրուայ հաւաքոյթին նպատակը: :
Ապա խօսք առաւ Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային վարչութէան ատենապետուհի Թալին Տաղլեան.եւ իր հակիրճ ու տպաւորիչ խօսքը փոխանցեց շեշտելով Արցախի բանակին օգնելու անհրաժեշտութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ Ս Լուսավորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մէսրոպ քահանայ Լագիսեան որ դրուատեց մեր ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը եւ շեշտեց որ Արցախի զինուորնէրուն օժանդակելը մեր ազգային գերխնդիրն է
«Բայց Հայաստանի մէջ, որո՞ւ պիտի յանձնեն այս դրամը» կը լսեմ մեր քովի սեղանէն: Թալին Տաղլեանը հակիրճ բացատրութեամբ ըսաւ. Հ.Օ.Մ.-ը երկար տարիներու փորձառութիւն ունի եւ բծախնդիր ձեւով բոլոր նպաստները կը փոխանցէ ճիշտ տեղին եւ նպատակին:
Ձեռնարկին յատուկ փայլք տուաւ Նարեկ Բուդաղեան իր մենակատարութեամբ: Ան ազգային եւ ժողովրդական երգերով քաղցր պահեր տուաւ ներկաներուն եւ մեզ կարծես Հայաստան փոխադրեց:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles