ԱմերիկահայԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Հ․Օ․Մ․-Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՆԴԱՄԱՐՇԱՒ

Նիւ Եորքի Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղի 30-րդ անդամարշաւը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 2-ին  Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Բաշալեան Սրահէն ներս, ներկայութեամբ Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի ու Ազնուափայլ երԷցկին Օժիկ Լագիսեանի, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ Թալին Տաղլեանի, Հ․Օ․Մ․-ուհիներու եւ հիւրերու ։

Հաւաքի բացումը կատարուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարիա Եփրեմեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց հայերէնով ։ Իսկ ատենադպրուհին Թալին Նիկտէլեան՝ անգլերէնով։

Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը Հ․Օ․Մ․-ին։ Ան արժեւորեց Հ․Օ․Մ․-ը իբր մեծ կազմակերպութիւն, որ 112 տարի է ի վեր կը հասնի կարիքաւորներուն։ Ապա Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ Թալին Տաղլեան ցուցադրեց  լուսապատկերով  Հ․Օ․Մ․- ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, մաղթելով յարատեւ շարունակութիւն եւ յաջողութիւն։

Ան կոչ ուղեց երիտասարդներուն անդամագրուելու Հ․Օ․Մ․-ի շարքերէն ներս։

Ապա, Ճուլիէթ Միլեան փոխանցեց ընդհանուր գիտելիքներ Թէյի մասին ուր  Ներկաները վայելեցին Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն պատրաստած թէյասեղանի համեղ խմորեղէնները եւ անուշեղէնները։

Advertisement Subscribe Today

Յայտագրի վերջին բաժնին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի մրցոյթ մը:

Նիւ Եորքի Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղը իրագործեց այս ծրագիրը. որու նպատակն էր ծանօթացնել ներկաներուն Հ․Օ․Մ․-ի բազմաբեղուն գործունէութիւնը, տաքուկ ընկերային մթնոլորտի մը ընթացքին, ցանկալով ունենալ նոր անդամներ։

Շնորհակալութիւն Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին, որոնք սրտաբաց եւ սիրայօժար տրամադրեցին  եկեղեցւոյ սրահը  Հ․Օ․Մ․-ի անդամարշաւը կատարելու։

ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ ԲՈԼՈՐԻՆ։

 

Հ․Օ․Մ․-ական

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button