
Մայիս 6-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն ի պատիւ հայ մայրերուն, որ կազմակերպած էր Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը: Հանդիսաւոր բացման արարողութիւնէն ետք, ներկաներուն ողջունեց Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անայիս Չոլաքէանը: Այս յատուկ օրուան առթիւ, շնորհաւորական խօսք փոխանցեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցուոյ հովիւ,արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ․Լագիսեանը:
«Հայ Օգնութեան Միութիւնը 106 տարի է կը ծառայէ Հայ ժողովրդի ազգային եւ մշակոյթի ինքնութեան հայապահպանման: Հ.Օ.Մ.-ը աննկուն կամքով կը հասնի իր ժողովրդի կարիքներուն: Հ.Օ.Մ.-ը բարեսիրական իր աշխատանքներուն ընդմէջէն մայրական սիրով ու գուրգուրանքով, կը ծառայէ իր համայնքին: Հայ Օգնութեան Միութէան կողմէ, Արցախի մէջ իրականացուող եւ յաջողած ծրագրերէն մէկը` «Սօսէ» Մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը հիմնական վերաշինութեան մէջ է եւ հանգանակութեան աշխատանքները կը շարունակուին: Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին: Մեր հերոսական Արցախը կրկին անգամ ճգնաժամային մահ ու կենաց պայքարով կը պաշտպանէ իր պապենական հողերը, ետ մղելու նախայարձակ ատրպէյճանցի ասպատակները: Սիրելիներ` այսօր Մայրերու օրուան առթիւ ամրապնդե՛նք մեր ուխտը եւ կրկնապատկուած թափով շարունակե՛նք մեր գործունէութիւնը, որպէսզի ճակատաբաց դիմաւորենք մեզի վիճակուած կենսական եւ ծաւալուն աշխատանքը, զօրաւոր կամքով, ու հաստատուն հաւատքով միշտ հաւատարիմ մեր առաքելութեան` ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար նշանաբանով», յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» մասնաճիւղէն Մարիա Եփրեմեանը:
Այս ձեռնարկին, իր մասնակցութիւնը բերաւ «Երազ» մանկապատանեկան պարի համոյթը, որուն պարուսոյցն է Մարիա Ներսիսեանը: Երեխաներու ազգագրական պարերը մեծ հաճոյք պատճառեցին ներկաներուն: Յովհաննէս Շիրազի մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւնները կարդաց Արմինէ Մինասեանը: Ան ներկաներուն կարդաց իր գրած բանաստեղծութիւնը՝ «Գազան Ազերիների», որ նուիրուած էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, եւ ներկաներէն շատեր արժանացան տարբեր նուէրներու:
Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» մասնաճիւղի 25 տարուայ եւ աւելի ընկերուհիները, որոնք անսակարկ ծառայութեամբ , բարոյապէս օգնեցին Հայ Օգնութեան Միութեան եւ գնահատեցին այսօրուայ ձեռնարկը, արժանացան գնահատագրերու:
«Յարգելի ներկաներ, խորապէս շնորհակալ ենք, որ եկա՛ք եւ գնահատեցի՛ք այսօրուայ մեր ձեռնարկը եւ պատուեցի՛ք Հայ Մայրը, նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան 25 տարուայ ծառայող 15 ընկերուհիներուն: Երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ունինք յատկապէս այսօրուայ յայտագրի մաս կազմող ` պարուսոյց Մարիա Ներսիսեանին եւ պարախումբի երեխաներուն, որոնք իրենց հանգստի ժամերը զոհելով, եկան փայլք տուին այսօրուայ մեր ձեռնարկին` պատուելու համար ներկայ հայ մայրերը: Կը մաղթենք նաեւ նորանոր յաջողութիւններ Երազ պարախումբին, ինչպէս նաեւ սիրելի ծնողներուն զոհողութեան` մեծապէս շնորհակալութիւններ: Մեծապէս շնորհակալութիւն Արմինէ Մինասեանին իր գեղեցիկ ասմունքի համար: Այս առիթով կ՚ուզենք անգամ մը եւս բարձր գնահատանքն ու ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին նիւթապէս եւ բարոյապէս` այսօրուայ ձեռնարկին յաջողութեան: Այստեղ կ՚ուզեմ սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնել այն բարեկամներուն, որոնք համեստաբար նուիրեցին այսօրուայ վիճակահանութեան նուէրները», հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ յայտնեց «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անայիս Չոլաքեանը
Լուսանկարներ՝ ՌՈԲԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ