ԳլխաւորԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» Ի ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, «Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ թէ, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն հասոյթը՝ 15 հազար տոլար, ամբողջութամբ տրամադրած է Արցախի սահմանապահ զինուորներուն՝ արեան հոսքի դէմ սարքեր հայթայթելով:
Այլազանութեան մայրաքաղաքը հանդիսացող, տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկ՝ երկնաքերներու երդիքին տակ կատարուած այս օժանդակութիւնը օրինակելի նախաձեռնութիւն մըն է, որուն համար անաչառօրէն գործեցին անդամներն ու համակիրները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button