Ամերիկահայ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԵԼԻՆ` ՀԱՅԿ ԽՐԼՈԲԵԱՆ

լուսանկար` Հերի Գունտաքճեանի
լուսանկար` Հերի Գունտաքճեանի

Կիրակի Սեպտեմբեր 1, 2013-ին, Նիւ Եորքի Հայ Աւետարանական գաղութի կեանքէն ներս, նոր էջ մը բացուեցաւ: Արդարեւ, նորանշանակ պատուելի Հայկ Խրլոբեան կատարեց իր անդրանիկ քարոզը, տեղւոյն գաղութի եկեղեցիէն ներս: Աւարտած Փրինսթընի համալսարանը, պատուելի Խրլոբեան փոքր տարքէն ծառայած է շրջանի հայ աւետարանական գաղութի կեանքէն ներս, յատկապէս իր մասնակցութիւնը բերելով երիտասարդական հաւաքներուն: Ան նաեւ մօտէն գործակցած է պատուելի Նշան Պաքալեանի հետ:

Հայ Աւիետարանակաչկան հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան, այս առթիւ խօսք առնելով ներկայացուց երտասարդ պատուելին եւ յաջողութիւն մաղթեց: Ան նաեւ մօտէն անդրադարձաւ Հալէպի դաժան կացութեան մասին, յայտնելով թէ շրջանի գաղութը ամէն ջանք կը թափէ, պահելու համար այս պատմութիւն կերտած գաղութը: Ֆիլեան նաեւ կոչ ուղղեց, որ ներկաները իրենց նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրեն Հալէպի հայութեան:

Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները, աւելի մօտէն ծանօթացան պատուելի Հայկ Խրլոբեանին;

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button