ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ “ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԼԻ“ ԵՐԳ­ՉԱ­ԽՈՒՄ­ԲԻՆ ԵԼՈՅ­ԹԸ ԱՆ­ՄՈ­ՌԱ­ՆԱ­ԼԻ ՄԵ­ՂԵ­ԴԻ­ՆԵ­ՐՈՎ

0 0
Read Time:3 Minute, 50 Second

 

NYC Sibil_Oct 2013  Նիւ Եոր­քի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Հայց. Եկե­ղեց­ւոյ “ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԼԻ“ երգ­չա­խում­բը ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ Ուր­բաթ, Դեկ­տեմ­բեր 6, 2013-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 8-ին:

Երգ­չա­խում­բը այս ելոյ­թով կը նշէ զոյգ կլոր թուա­կան­ներ, առա­ջի­նը`  եկե­ղեց­ւոյ 55-ամ­եա­կը, իսկ երկ­րոր­դը` երգ­չա­խում­բին կազ­մա­ւոր­ման հնգամ­եա­կը ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ար­դէն իսկ իր համ­բա­ւով նշա­նա­ւոր պա­րի­թոն եւ Երե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ան­ուան երաժշ­տա­նո­ցէն մաս­նա­գի­տա­ցած երաժշ­տա­գէտ, Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նին:

Ան­մո­ռա­նա­լի մե­ղե­դի­նե­րու յա­տուկ եր­գա­ցան­կով պատ­րաստ­ուած երգ­չա-խում­բին ելոյ­թը առա­ւե­լա­պէս պի­տի փա­ռա­ւոր­ուի իր ար­ուես­տով եւ քնքոյշ ձայ­նով հան­րա­ծա­նօթ Պոլ­սա­հայ սիր­ուած ու մե­ծա­պէս գնա­հատ­ուած երգ­չու­հի Սի­պի­լին հիւր ներ­կա­յու­թեամբ եւ կա­տա­րում­նե­րով:

Սի­պիլ ան­ծա­նօթ մը չէ Նիւ Եորք Նիւ Ճըր­զի ար­ուես­տա­սէր հա­յու­թեան: Մա­ժակ Թօ­շիկ­եա­նի դաշ­նա­ւո­րու­մով հրա­պա­րակ իջած իր առա­ջին խտա­սի­լի­կին եր­գա­ցան­կով ար­դէն շատ մը տու­նե­րէն եւ ձայ­նաս­փիւռ­նե­րէն կը լսուէր իր քնքոյշ ձայ­նը: Յա­ջոր­դա­բար ան հան­դէս եկաւ շարք մը ելոյթ­ներ հայ­րե­նի հե­ռա­տե­սի­լէն:

Իսկ իր անդ­րա­նիկ ելոյ­թը Նիւ Ճըրզիի մէջ Կ.Պոլ­սոյ Բա­րեն­պա­տակ Հաս­տա­տու­թեանց Օգ­նու­թեան Միու­թիւն (Կ.Հ.Օ.Մ.-CARS)-ի յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ մեծ գնա­հա­տան­քի եւ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան շա­հե­ցաւ: Սի­պիլ յա­ջոր­դա­բար ար­ժա­նա­ցաւ Մոսկ­ուա­յի մէջ “Կա­խար­դա­կան Ձայն“ եւ  Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ “Հայ Եր­գին Սփիւռ­քի մէջ Տա­րած­ման եւ Պաշտ­պան­ման Մրցա­նակ“ին:

Քա­ռա­ձայն երգ­չա­խում­բի մը կազ­մա­ւոր­ման գա­ղա­փա­րը ծնունդ առաւ 2007-ին, երբ եկե­ղեց­ւոյ մի­օր­եայ-շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րա­նը կը պատ­րաստ­ուէր նշե­լու իր 50-ամ­եա­կը եւ մկրտուե­ցաւ “Շնոր­հա­լի“ անու­նով: Երգ­չա­խում­բին անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ Քուին­զի  պե­տա­կան սրա­հին մէջ ղե­կա­վա­րու­թեամբ օր­ուան հո­գե­ւոր հո­վիւ` Հոգշ. Տ. Վա­հան Ծ. Վրդ. Յով­հան­նէս­եա­նին, եւ յա­ջոր­դա­բար ելոյթ­ներ ու­նե­ցաւ զա­նա­զան ծու­խե­րու հրա­ւէր­նե­րով: Հայր Վա­հա­նին Մեծն Բրի­տան­իոյ առաջ­նորդ նշա­նակ­ուե­լէն ետք երգ­չա­խում­բը շա­րու­նա­կեց իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը Տիկ. Ար­մի­նէ Վար­դան­եա­նին ղե­կա­վա­րու­թեամբ:

2013 Փետր­ուա­րին երգ­չա­խում­բը նոր թա­փով սկսաւ իր փոր­ձե­րը եկե­ղեց­ւոյ նո­րան­շա­նակ հո­վիւ` Արժ. Տ. Աբ­րա­համ Մալ­խաս­եա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ քա­ջա­լե­րան­քով, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար ու­նե­նա­լով Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նը:

Փոր­ձե­րը տե­ղի կ՛ու­նե­նան ամէն եր­կու­շաբ­թի, երե­կոյ­եան ժա­մը 7:30-ին Գա­լուստ­եան Սրա­հին մէջ: Այս­պէ­սով երգ­չա­խում­բին առա­քե­լու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի վառ պա­հե­լով հայ երգն ու հայ եր­գար­ուես­տի նուիր­եալ­նե­րուն աւան­դը:

Հե­տաքրք­րուող­ներ կրնան ան­դա­մակ­ցիլ երգ­չա­խում­բին հե­ռա­ձայ­նե­լով երգ­չա­խում­բի յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի` Տիկ. Թա­մար Մալ­խաս-Գայ­սէր­եա­նին: Յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու կամ ելոյ­թին տոմ­սե­րուն հա­մար դի­մել Տի­կին Թա­մա­րին (718- 961-3195) եւ կամ Տի­կին Մե­լի­նէ­ին (917-331-2077):

Զ. Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 19, 2013

Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles