Լրահոս

Նիսի Ահաբեկչական Արարքին` Հայորդի Մը Մահացած

nice

ՆԻՍ.- Ահաբեկչական արարք մը, անգամ մը եւս ցնցեց Ֆրանսան: Արդարեւ, Յուլիս 14-ի անկախութեան տօնին առթիւ, երբ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած կը հետեւէր հրավառութեան, վարորդ մը բեռնատար կարգով անհաւատալի արագութեամբ սուրաց, տեղւոյն ամբոխին ուղղութեամբ, ահ ու սարսափ ստեղծելով: Ծագումով Թունուզցի եւ Ֆրանսահպատակ Մոհամէտ Լահուէյժ Պուհլէլն էր ահաբեկիչը, որ նաեւ օժտուած էր զինամթերքով:

Ոստիկանութիւնը կրցաւ միջամտել եւ սպաննել Պուհլէլը: Աւելի քան ութսուն զոհերու շարքին էր հայ կին մը` Նարինէ Գասպարեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ հաստատուած էր Նիս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button