
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Լոս Անճելըսի քաղաքապետի միջազգային հարցերով առաջին տեղակալ Նինա Հաչիկեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան խորհուրդի անդամ: Քաղաքականութեան հարցերով զբաղուող խորհուրդի անդամներուն շարքին են նախկին փորձառու գործիչներ, որոնց կարգին՝ Մատլէն Օլպրայթն եւ Հենրի Քիսինճըրը:
Հաչիկեան հիմնադիրներէն է Ամերիկայի մէջ ծառայող կին դեսպաններու միութեան, որուն կազմին մէջ ներառուած է աւելի քան 200 ցայսօր գործող եւ նախկին դեսպան։
Դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ Հաչիկեան նախապէս եղած է Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Իր ծառայութեան ընթացքին, ան արժանացած է արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրագոյն պատուաւոր պարգեւի: Դեսպան Հաչիկեան նաեւ եղած է Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոնի գիտաշխատող ու աւագ փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ 2012-ին նախագահ Օպամայի նախընտրական արշաւի ժամանակ ասիական քաղաքականութեան գծով գլխաւոր ղեկավարը: Դեսպան Հաչիկեան նաեւ եղած է ՌԱՆՏ ասիա-խաղաղովկիանոսեան կեդրոնի տնօրէն եւ 1998-1999 թուականներուն աշխատած է Սպիտակ Տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին մէջ: Ան բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է: