
Մայիս 30-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս եւ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի ողջունելով Հայաստանի վարչապետը` բարձր գնահատեց երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները:
Փաշինեան նշեց, որ գոհ է նախագահ Մարկվելաշվիլիին հանդիպելու եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ու զարգացման հեռանկարները քննարկելու կարելիութեան համար:
Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակ այցելելէ եւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք Նիկոլ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցաւ վրացի իր պաշտօնակիցին` Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները քննարկեցին առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ հայ-վրացական համագործակցութեանը վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի ուշ այցելեց նաեւ Խոջավանք պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղեց Րաֆֆիի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի շիրիմներուն վրայ` իբրեւ յարգանք այդ մեծերուն յիշատակին: Այնուհետեւ ան ուղղուեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Հոն եւս ան ծաղիկներ զետեղեց բակին մէջ գտնուող Սայաթ Նովայի շիրիմին վրայ:
Փաշինեան Ջաւախքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ հայաբնակ գիւղերու` Ծալկայի, Փոկայի, Գանձայի, Սաթխայի, ինչպէս նաեւ Նինոծմինտա քաղաքի բնակիչներուն հետ:
Ան իր խօսքերուն մէջ հիմնականօրէն անդրադարձաւ հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութեան եւ զանոնք աւելի խորացնելու, որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ ինք շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս յարաբերութիւններուն: «Ես համոզուած եմ, որ այս այցելութեան իբրեւ արդիւնք հայ-վրացական յարաբերութիւնները էական փոփոխութիւններ պիտի կրեն, եւ անոնց հասնելու համար կ՛առաջարկեմ շատ պարզ բանաձեւ մը: Վրաստանը, վրաց ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի գործողութիւններուն մէջ չկայ որեւէ դաւադրութիւն, սադրանք վրացի ժողովուրդին եւ Վրաստանի նկատմամբ: Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանն ալ պէտք է համոզուած ըլլան, որ վրացի ժողովուրդին գործողութիւններուն մէջ չկայ որեւէ դաւադրութիւն եւ սադրանք հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի նկատմամբ: Ահա այս հիման վրայ մենք պէտք է հասնինք հայ-վրացական յարաբերութիւններու բոլորովին նոր մակարդակի: Եւ ես համոզուած եմ, որ այս յարաբերութիւններու պարունակին մէջ պէտք է լուծուին ընկերային-տնտեսական այն բոլոր խնդիրները, որոնք առկայ են Վրաստանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ: Մենք շարունակաբար պէտք է բարձրացնենք հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մակարդակը եւ որակը: Պէտք է բարձրանայ ո՛չ միայն մեր պետութիւններուն, այլ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մակարդակը: Ես համոզուած եմ, որ մենք բոլորս պատրաստ ենք այդ նպատակով լրջագոյն ջանքեր գործադրելու», հաստատեց Փաշինեան: