
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մայիս 31, 2016
Երեւանի սրտին, Գարեգին Նժդեհի արձան կանգնեցնելը պէտք չէ պարզապէս
ընդունիլ կամ ակնկալել իբրեւ յաւելեալ արուեստի գործի մը՝ քանդակի մը զետեղումը, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ գործերու կողքին:
Իսկ, յատուկ արուեստի եւ յատկապէս քանդակի բնագաւառէն ներս, մասնագէտներու ակնոցով դիտելով եւ կարծիքներ յայտնելով այս գործին մասին խօսիլը՝ գնահատելն ու քննադատելը, իր կարգին կրնայ մելաններ հոսեցնել:
Օգտագործուած նախանիւթը, գոյնն ու ծաւալը կրնան քննադատութիւններու եւ վիճաբանութիւններու դուռ բանալ, սակայն քանդակագործ Գագիկ Ստեփանեանի հեղինակած այս վիթխարի արձանը, որուն բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ վաղորդայնին, պէտք է դիտել ազգային տոգորումով եւ քաղաքական ակնոցով:
Արձանին ետին կանգնող անձը բազմավաստակ բանաստեղծ մը չէ, ո՛չ քնարերգակ, ո՛չ ալ ազգային տիպար, այլ գերազգային կարկառուն տիպար մը, որ պատմութիւն կերտած է, եւ որուն կերտած պատմութիւնն ու սխրանքը, ցայսօր կը շարունակուի…ոչ շատ հեռու իր ծննդավայր Նախիջեւանէն, եւ իր սրտին խօսող Սիւնեաց Սարէն՝ Զանգեզուրէն:
Այդ արձանն էր…Գարեգին Նժդեհն էր, որ քաջատեղեակ ըլլալով Կովկասեան Բարձրաւանդակի քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ թշնամի դրացիներու փանթուրանական երազներուն, ոգի ի բռին եւ անդադար պայքարեցաւ, գիւղէ գիւղ, ճակատէ ճակատ, որպէսզի չմնայ իր պաշտած Զանգեզուրը օտ
արի լուծին տակ, շարունակ շեշտելով թէ Երբե՛ք, առանց Սիւնիքի՝ առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին, մեր ամբողջական Հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող։
Նժդեհեան այդ վրիժառու հայեացքն է, որ կը շարունակուի, այս անգամ հերոսին ծննդավայրէն եւ Զանգեզուրէն աւելի Արեւելք, Արցախի մէջ նորածին եւ վերածին Նժդեհներու ներկայութեամբ, որոնք իրենց կարգին ապագայ սերունդներուն, ներշնչման աղբիւր պիտի դառնան:
Այսպէս, այդ արձանին ետին կանգնող հերոսին եւ անոր թրծած սերունդին կը պարտի ազատագրումն ու հայացումը հայոց Արցախին: Հոն ալ իր հողին կառչած է…Մի ժողովուրդ, որի որդիները հաւասար չեն օրէնքի եւ մահուան առջեւ` յաղթական հայրենիք չի ունենայ:
Այդ արձանի ետին կանգնող վիթխարիին համար իր ազգը գերագոյն նպատակն է, իսկ անհատը՝ պարզապէս միջոց: ժողովուրդը` մէկ ընտանիք է, իսկ իր եկեղեցին՝ ազգային:
Այս արձանին ետին կանգնողը Նախիջեւանի Կզնութ գիւղի զաւակ՝ Քահանայ Տէր-Յարութիւնեանի կրտսեր որդի Գարեգինն է, աւելի ծանօթ Գարեգին Նժդեհ անունով։
Այո՛, Խորհրդային օրերու ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած անձնաւորութիւններու Վլատիմիրի բանտին մէջ, մահացած Նժդեհն ալ Նախիջեւանէն է…միեւնոյն հողաշերտէն, այլ գիւղի մը՝ «Ագուլիսցի քաջ»ին՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի նման:
Հուսկ, Նժդեհի բազմաթիւ կարճ ու կտրուկ իմաստալից խօսքերէն մէկն է.- «Քննադատել՝ հոգեպէս տառապել է նշանակում»: Հետեւաբար, փոխան քննադատականի, իբրեւ գնահատական, այսպիսի արձան դժուար է դիտել արուեստի քննադատի ակնոցով եւ նմանօրինակ հերոսի արձան քննադատե՛լ, կը նշանակէ համազգային տառապանք: