Լրահոս

Ներթափանցման Փորձ Տաւուշի Չինարի Գիւղէն Հարաւ-Արեւելք

Այս մասին առաջին տեղեկութիւնները հրապարակած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, որ գրած է. «Հայաստանի զինուած ուժերը բախումներ ունեցած են հակառակորդին հետ: Կիրարկուած են արձակազէններ եւ նռնականետեր, բախումները կը շարունակուին: Հայաստանի զինուած ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը` կանխելով հակառակորդին  ոտնձգութիւնները»:

Հակառակորդի շարքերուն մէջ կան մինչեւ 7 մահացած զինուորներ եւ վիրաւորներ: Ըստ անոր, Հայաստանի զինուած ուժերը կը կատարեն որոնողական ու տարածքի մաքրութեան աշխատանքներ, ազրպէյճանցի մեռեալներուն թիւը տակաւին յստակ չէ, սակայն անոնցմէ մէկուն դիակը մնացած է հայկական կողմը: Ա. Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը եւս ունեցած է կորուստներ: Արդարեւ, պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին զոհուած են աւագ հրամանատար Շաւարշ Մելիքեան, շարքայիններ Էտկար Նարայեան եւ Էրիկ Աբովեան:

Շաւարշ Մելիքեան Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք համայնքէն էր, ան 26 տարեկան էր, 4 տարի է, որ անցած է պայմանագրային ծառայութեան: Ամուսնացած չէր, ընտանիքին միակ արու զաւակն էր: Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր պայմանագրային դրութեամբ ան կը ծառայէր Բերդի մէջ: Նահատակ զինուորը ուսանած է Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկին մէջ, ծառայած է Հայաստանի տարբեր զօրամասերու մէջ, նաեւ` Գորիսի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ եղած է դասակի հրամանատար: Մելիքեանի հրամանատարութեան տակ ծառայած զինուորները պատմած են, որ ան հիանալի սպայ էր, շատ լաւ կը տիրապետէր զինուորական գործին, ընկերասէր էր, զինուորներուն նուիրուած, անոնց կողմէ սիրուած ու յարգուած:

Էդգար Գրիգորի Նարայեան Երեւանէն է, 1995-ի ծնունդ, աւարտած էր Հայաստանի մէջ Եւրոպական քոլեճը:

 

Տաւուշի մէջ հետախուզական-ներթափանցման փորձին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` խստագոյնս դատապարտելով այս արարքը, որուն պատճառով արձանագրուած են մարդկային կորուստներ: Նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Advertisement Donate Today

Յիշեցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը` եռանախագահներուն միջոցով, բազմիցս կոչ ուղղած է յարգելու զինադադարը, յատկապէս տօնական օրերուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ զինուորական գործողութիւն կատարելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախաշեմին` Պաքուն համամարդկային արժեհամակարգին դէմ կը գործէ:

 

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button