
Հայաստան բնակութիւն կը հաստատեն «սփիւռքահայեր», ոչ միայն Իրաքէն կամ Սուրիայէն հայրենադարձներ, որոնք ապահովութեան ապաստան կը փնտռեն: Կան նաեւ Ամերիկայէն, Լիբանանէն, կամ այլ երկիրներէ եկողներ:
Զուգադիպութեամբ մը, երկրորդ աշխարհամարտի յաջորդած տարիներու ներգաղթի մասին գիրքեր լոյս կը տեսնեն, յիշողութիւն եւ գրականութիւն միախառնելով: Այդ էջերու ընթերցումը ներազգային իմաստութեան առջեւ դուռ կը բանայ:
Իմաստութեան դուռ, որպէսզի բարի կամեցողութիւնները խութի չզարնուին:
Յաւակնութիւնը չունիմ այդ նիւթով հրատարակուած ամբողջ գրականութիւնը կարդացած ըլլալու: Առաւելաբար զիս հետաքրքրեցին այդ տարիները անպաճոյճ եւ կամ գեղարուեստական գրականութեան ճամբով սեւեռող գիրքերը: Անոնց պատմածը մեր կեանքն է: Եթէ ուրիշներ ալ կան, լաւ է որ անոնց մասին արտայայտուին «ընթերցող»ներ:
Առանց վարդապետական ըլլալու արուեստական ճիգի, երեք փոքրածաւալ գիրքեր գրաւեցին ուշադրութիւնս, երեքն ալ գրուած հայրենադարձներու «աշխարհ»ի տպաւորութիւններու ինքնուրոյն մթնոլորտին մէջ. անկասկած՝ յիշողութիւններ, բայց նաեւ մասնաւոր պարագաներէ անդին անցնող մտածումներ, յոյսերու եւ բեկումներու բախման գեղարուեստական պատկերներ:
Տարբեր հասցէներէ եկած հայրենադարձներու պատմութիւններ: Նմանութիւններ միշտ կրնան ըլլալ, բայց կացութիւններու դիմագրաւումը եւ անոնց յառաջացուցած հակազդեցութիւնները միշտ ենթակայական են, ապրումներ՝ նոյն եւ տարբեր, մարդկայինի, անհատականի եւ հայրենասիրականի միախառնուող եւ զանազանուող տեսարաններով:
Գրողներ Ալիս Յովհաննիսեան եւ Յակոբ Յարութիւն, օփերայի երգիչ եւ ղեկավար Տիգրան Լեւոնեան, կը պատմեն «ներգաղթ»ը եւ «ներգաղթողներ»ը, պատկերներ, այնքան հեռու եւ մօտ հարազատ պատմութիւն՝ որ թէեւ այնքան ալ հին չէ որպէս հոգեկան խռովք, անհատականի եւ հաւաքականի չզանազանուող յիշողութիւններ, հայրենահանումէ ետք թափառումներ, նոր կայքեր, կեանք՝ որ կը շարունակուի պատշաճեցումներով:
Ապագայակերտ կ’ըլլայ այս գրականութեան տարածումը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Սերունդները կրնան փոխուիլ, բայց վերաբերումները կրնան կրկնուիլ: Հարկ է գիտնալ եւ կանխել:
Ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայրենահանուածներ իրենք զիրենք գտած էին տարբեր եւ նոր երկինքներու տակ, Պէյրութ, սուրիական Թէլ Քոչաք կամ պուլկարական Ռուսճուկ, եւ այլ վայրեր: Նոր եւ օտար աշխարհներ, նոր դրացիներ, որոնց հետ կը կիսած էին իրենց օրերը: Եւ հուսկ՝ հայու սրտին այնքա՜ն մօտիկ՝ ներգաղթը, կեանքը իր հունին մէջ դնելու սէրը եւ կարօտը, որոնք կը վերածուին անծանօթի մէջ ոստումի:
Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած «Ներգաղթ»ի մասին հարկ է խօսիլ, խօսիլ նաեւ անոր յաջորդած «ներգաղթողներու արտագաղթ»ի մասին, որպէսզի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար էական կարեւորութիւն ունեցող «հայրենադարձութիւն» տեղի ունենայ, ոչ միայն միաւորներու հոգեկան բաւարարութեան համար: Հայրենադարձութիւն՝ զոր պէտք է կազմակերպել, ընելով այնպէս, որ ան յաջողի, չկրկնուի «Ներգաղթ»ի ձախողութիւնը, որ պատճառ դարձաւ տարերային արտագաղթի:
Երէկ խորիմաստ էր Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը. «Հայրենիքը պանդոկ չէ»: Աւելի քան խորիմաստ էր եւ է այդ խօսքը Հայաստանէն դիտուած, քանի որ ան կը խտացնէ ազգի գոյացման խարիսխը: Ան նոյնքան խորիմաստ է սփիւռքներէն դիտուած, երբ Հայրենիքը «կարօտակէզ» հոգիներու համար զբօսաշրջութեամբ ապրուող բալասան է, առանց ազգային-քաղաքական յառաջընթաց ըլլալու: Երկու պարագաներուն ալ մենք մեզ կը գտնենք հայրենատիրութեան մարդկային-ազգային-մշակութային-քաղաքացիական գիտակցութեան նահանջին առջեւ, զոր հասկնալ-բացատրելու-արդարացնելու բոլոր կեղծիքները խտացնող ճառերը անհետացման առաջնորդող մայրուղիներ են:
Հայրենիքի տէր ըլլալու պայմանները կը ստեղծուին քաղաքական եւ գաղափարախօսական կամքով: Յաջողելու համար արմատ նետելու կարելիութիւն պէտք է տալ հայրենադարձին, դիւանակալական ճապկումներով պատեր չբարձրացնելով: Որպէսզի հայրենադարձը արմատ նետէ, հարկ է վնասազերծել այն բոլոր անհարթութիւնները, որոնք արմատներու մէջ աճումը կ’արգելակեն եւ կը փտեցնեն: Պետական եւ համազգային գիտակցութեամբ, բացասական վերաբերումները հարկ է առանձնացնել եւ անոնց դէմ մղել իսկական անխնայ պայքար:
Հայրենադարձութիւնը նեցուկի պէտք ունի. բարոյական, վարչական, մշակութային, նիւթական: Ժողովուրդը, պետական եւ քաղաքային վարչութիւնները պիտի հասկնան, որ հայրենադարձները կը վերագտնեն նոր աշխարհ եւ միջավայր, վարժութիւնը եւ պատշաճեցումը պէտք է դիւրացնել, որպէսզի հայրենադարձը չմտածէ կրկին երկրէն դուրս գալու մասին, քաջ գիտնալով որ այդ երկրորդ ելքը կ’ըլլայ անվերադարձ եւ ազգի համրանքի վերջնական կորուստ: Վերջին տասնամեակներուն Հայաստան ապաստան գտածներ կրկին սփիւռքացած են, ինչ որ գաղափարական պարտութեան արտայատութիւն է:
Ֆրանսայէն ներգաղթած հայը երբ դէպի Ֆրանսա արտագաղթեց, ֆրանսական թերթը գրեց, որ «ան վերադարձաւ իր հայրենիքը»… Ի՜նչ ծաղր…
Պետութեան, լրատուամիջոցներու եւ ընկերային բոլոր կառոյցներու նպաստով պէտք է ապահովել հայրենադարձի անխոչնդոտ համարկումը հայրենիքի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, որպէսզի «իրենց չպատկանող հայրենիքը չվերադառնան»:
Այս համարկումը չ’իրականանար բաժակաճառերով:
Մանաւանդ պէտք է հասկնալ նաեւ, որ բոլոր սփիւռքահայերը միլիոնատէր չեն, միլիոնատէր չեն նաեւ բոլոր հայրենադարձները:
Ալիս Յովհաննիսեանի, Յակոբ Յարութիւնի եւ Տիգրան Լեւոնեանի վկայութիւնները պէտք է հասնին հայրենի ժողովուրդի իւրաքանչիւր ընտանիքի, որպէսզի հայրենադարձը ըլլայ հարազատ, չդիտուի որպէս օտար: Այդ դրական վերաբերումը կրնայ բանալ դարպասը աւելի մեծաթիւ հայրենադարձութեան: Հայրենադարձութիւնը ազգի եւ հայրենիքի հզօրացում է: Կը յառաջանա՞յ այս գիտակցութիւնը զանգուածներուն համար, ներսը եւ դուրսը:
Եւ նկատի ունենալով օրինակի արժէքը, կազմակերպուած եւ յաջողած հայրենադարձութիւնը կրնայ նաեւ ազդու դարմանը ըլլալ վարակ դարձած արտագաղթի:
Այս հարցի մասին պէտք է խօսիլ առանց հռետորական աղմկարարութեան, խօսիլ ազգային ապագայի տեսիլքի մը իրականացման սիրով եւ հաւատքով, անհատական եւ հաւաքական յանձնառութեամբ:
Հայրենադարձութիւնը յաղթանակ է ընդդէմ ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման:
Ոչ տիտղոս, ոչ հանգամանք, ոչ երեւելիութիւն:
Եւ ոչ բարոյական բեմական անվաղորդայն յուզում, այլ՝ քաղա-քական աքթ:
Հարկ է ունենալ բաւարար ազգային գիտակցութիւն եւ հպար-տութիւն, աշխարհներու միւս ծայրերէն չդիտելու համար Արարատի գլխէն կախուած «Լուսաւորչի Կանթեղը», եւ հայրենատէր ըլլալու համար ըլլալ ներկայ, ոչ սոսկ բարեսէր եւ ոչ ալ եկող-գացող «տուրիստ»: