
Յ. Պալեան
«Կուլակի Արշիպեղագոս»ը խորհրդանիշ էր եւ է:
Արդէն տասը տարի… Լաւ է երբեմն յիշել գլխագրուած մարդուն ազատութեան ծառայած մեծ մարդը եւ չմոռնալ անոր գաղափարական ժառանգութիւնը:
Այս խտացուած խորագրին տակ կ’ուզեմ արտայայտուիլ քննադատական միտքի, կարծիքներու այլազանութեան եւ խօսքի ազատութեան մասին: Անոնց կաշկանդումը կ’արգելակէ յառաջդիմութիւնը ընդհանրապէս, այդ ըլլայ գիտութեան, արդարութեան, կամ բարոյականութեան մարզերուն մէջ: Այսինքն, մարդը մարդ կը ստրկացնէ, զայն հպատակեցնելով, ծածկելու համար իր հիւանդ եսը:
Մարդիկ իրապէս կը մեռնին, ինչ փառք եւ պատիւ ալ ունեցած ըլլան, երբ կը մոռցուին, իսկ գրողի, իմաստասէրի եւ իրաւ ղեկավարի պարագային, անոնք կը մեռնին երբ չենք յիշեր անոնց մտածումները: Արդարեւ, ապրողներուն համար իսկական եւ մեծ դպրոցներ են լուսաւոր ժամանակներու մէջ յայտնուած արժանաւորները: Ապրողներ եւ մեռածներ: Պէտք է յիշել երախտագիտութեամբ, նոյնիսկ երբ յիշել-յիշեցումը կը խռովէ մեր քաղքենիի հանգիստը:
Տասնամեակ մը առաջ Ալեքսանդր Սոլժենիցին (1918-2008) կը հեռանար աշխարհէն, ազատութիւններու համար դար մը ամբողջ պայքարելէ ետք, պայքար՝ որուն համար սուղ գին վճարեց: Բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են բռնութիւններ, չարաշահումներ, մարդիկ առաջնորդուած են Հոպզի բանաձեւած «մարդը մարդուն գայլն է» անբարոյական սկզբունքով, բայց յայտնուած նաեւ անոնց դէմ ճակատ յարդարողներ, յանձն առնելով մեկուսացումներ, դատապարտութիւններ, բանտարկութիւն եւ նոյնիսկ մահ:
Ինչե՜ր ըսած է Ալեքսանդր Սոլժենիցին: Ան չէ թաքնուած մեծ գիտնականի լուսապսակի ետին, որ իրեն կրնար ապահովել բարօրութիւն, այլ քննադատած է ստալինեան բռնատիրական եւ ազատութիւնները խեղդող վարչակարգը: Օրինակելի նաեւ այսօր, մեր ընկերութիւններու մեծ կամ փոքր շրջանակներուն համար:
Ալեքսանդր Սոլժենիցին եղած է անմիջականութիւնները գերանցող իմաստուն:
Կ’ըսէ. «Լուռ մնալով չարին դիմաց, զայն մխրճելով մեր մարմնին մէջ, զայն կը սերմանենք»: Այսինքն չարին դէմ լուռ մնալով, ըլլալով վախկոտ եւ վատ, մեղսակից կ’ըլլանք չարի ամրացման եւ աճման: Այդ չարը աճեցնող լռութիւնը վատ հետեւանքներ կ’ունենայ ընկերային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ծնունդ կու տայ ամէն կարգի փտածութեան (կոռուպցիա, corruption), ան ըլլայ նիւթականի, դիրքապաշտութեան, ընտանեպաշտութեան (népotisme): Այս վերջինը ընկերային եւ մարդկային արժէքներու աւերման պատճառ է, նախնական ցեղախումբերու պատկերի կրկնութիւնը կեղծ արդիականութեան ջնարակով, շարունակելով աւատապետութիւնը:
Սոլժենիցինի նկարագրած «չար»ը հեռաւոր աշխարհներու մէջ չի գտնուիր: Ան յաճախ մեր մէջ է, մեր դրան առջեւ, մեր դրացին այդպէս է, մեր գործակիցը, յաճախ այդ չարը կրողը ինք ալ գիտակից կամ անգիտակից զոհ է, Յուդայի երեսուն արծաթին համար: Այս քննադատութեամբ հրապարակ եկողները կը դատապարտուին, քանի որ կը խանգարեն: Իսկ «իշխանութիւններ»ը, թաղային վարչութիւններէն, միութիւններէն, կուսակցութիւններէն, մինչեւ ազգերու եւ երկիրներու լծակները իրենց ձեռքին մէջ պահողները, անփոխարինելիութեան եւ անսխալականութեան մեղքով, կը ցուցաբերեն անհանդուրժողութիւն, որ ամէն կարգի ընկերային եւ քաղաքական բարդութիւններու ծնունդ տուող պատճառն է:
Ուշագրաւ խօսք մը ունի Սոլժենիցին: Կ’ըսէ. “Ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ վարչակարգ, երբեք չէ սիրած մեծ գրողները, սիրած է միայն փոքրերը”: Եթէ իր խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի լենինեան-ստալինեան համակարգին, երբեք պէտք չէ խորհիլ որ անոր տարողութիւնը այդ չարի կայսրութեան սահմաններուն մէջ մնացած է եւ կը մնայ:
Ի հարկէ, ամէն տեղ «Կուլակի Արշիպեղագոս» չկայ, բայց ան կայ զանազան ձեւերով, երբ կը լռեցուին անոնք որոնք յաւելեալ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ արժէքներու պաշտպանութեան համար հրապարակ կու գան: Եւ քանի որ ամէն մարդ «չար»ին դէմ ցցուելու ոչ գիտակցութիւնը եւ ոչ այլ յանդգնութիւնը ունի, մարդիկ կը շարունակեն պատշաճիլ եւ գործակցիլ:
Եւ Սոլժենիցինի խօսքը կ’ուղղուի մեզմէ իւրաքանչիւրի մէջ արթուն-քնացող երկչոտին, եսասէրին եւ փոքրիկ փառքերու վաշխառուին, երբ կ’ըսէ. “Երբ կ’աշխատինք մարդոց համար, յաւելեալ ճիգ մը կ’ընենք, երբ կ’աշխատինք տխմարներու համար, կը ձեւացնենք”: Այդ «ձեւացնել»ն է հիմնական պատճառը ընկերութիւններու, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ պետութիւններու լճացման եւ փտախտին: Երկիր մը պարկեշտ նախագահ մը ունեցաւ, սակայն իր շուրջ գտնուողները մեծ կամ պզտիկ անպարկեշտներ էին եւ ժողովուրդը զանոնք կոչեց «պանրաշէն»ներ, (fromagistes), գրեթէ յաւերժացնելով այդ երկրի փտախտը, հակառակ ժողովրդավարական ընտրութիւններու եւ վերականգնումի միտող յուզիչ յայտարարութիւններու:
«Երբ կ’աշխատինք տխմարներու համար, կը ձեւացնենք…», քանի որ չենք հաւատար մեր ըրածին: Ինչ որ չէ ըսած Սոլժենիցին, «ձեւացնելով աշխատիլ»… կը ծառայենք նեղ իմաստով սեփական մանրիկ շահերու եւ եսի բաւարարութեան:
Հայ կեանքի զանազան դրսեւորումները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), եթէ կարենայինք Սոլժենիցեան յանդգնութեամբ գործել, ճահճացում եւ աղէտներ կը կանխուէին: Թերեւս դեռ կրնան կանխուիլ, եթէ հայ մտաւորականութիւնը, հայ հրապարակագրութիւնը եւ չխաթարուած երիտասարդութիւնը դադրէին աշխատիլ ձեւացնելէ՝ յաճախ բան չնշանակող կարգախօսներ կրկնելով, սուտ «կուրու»ներու հետեւելով՝ վասն «պանրաշէնութեան» եւ «պանրակերութեան»:
Ընկերութիւնները կրնան իրենք զիրենք բարելաւել եւ յառաջդիմել, իրատեսութիւնը եւ անոր հետեւող քննադատութիւնը դարձնելով իրենց կեանքը առաջնորդող իմաստութիւն: Այս տիրացուական բարոյախօսութիւն չէ: Հզօր բռնատիրական վարչաձեւի օրերուն, Ալեքսանդր Սոլժենիցինի չվարանեցաւ ըսելու հետեւեալը. «Կ’առաջարկեմ որ Համագումարը (Խորհրդային Միութեան Համայնավար Կուսակցութեան, Յ.Պ.) քննէ եւ ընդունի ջնջումը արուեստի գործերու ամէն տեսակի գրաքննութեան – բացորոշ թէ գաղտնի – եւ հրատարակչատուները զերծ կացուցուին տպուած էջը արտօնութեան ենթարկելու ամէն կարգի պարտաւորութենէ»:
Այսինքն, գրականութիւն, մամուլ եւ արուեստներ, պէտք չէ ըլլան իշխանութիւններու եւ իշխանաւորներու ձայնին արձագանգը: Ընդհակառակն, տարբեր կարծիք ունենալ, նոր առաջադրանքով հրապարակ գալ, ընկերութեան հզօրացում կը բերէ, ծնունդ տալով տարբերութիւններու համատեղութեամբ եւ փոխլրացումով, ճշմարտութեան եւ միութեան:
Եթէ այսօր խօսէր Ալեքսանդր Սոլժենիցին, ի՞նչ պիտի ըսէր այս կամ այն ձեւով (իշխանութիւն եւ դրամագլուխ) հակակշռուած եւ ենթակայութեան մէջ գտնուող տարբեր արտայայտութիւններով մամուլի մասին, հայկական ընկերութեան մէջ «գաղտնի մնալու դատապարտուած» մեր բոլորի մեղքով չտարածուող սեփական գրականութեան:
Արդէն տասնամեակէ մը ի վեր Սոլժենիցին դադրած է խօսելէ: Բայց չե՞նք կրնար լսել զինք, քանի որ կայ իր քաջութեան ժառանգութիւնը, որ ոչ աթոռ է, ոչ մարմար, ոչ ալ բարեհամբոյր երկինքներու տակ գողօններու ապաստան…
Սոլժենիցինի ժառանգութիւնը աչքի կապանքները հանելու մնայուն եւ չհինցող իմաստութիւն է:
Արդի մարդուն կտակուած ժառանգութիւն: