
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 24-ին, կառավարական յատուկ հրամանագրով, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ նշանակուեցաւ Նայիրի Մկրտիչեան, որ 2001-էն 2007 եղած էր ի «Հայրենիք»ի լրագրողը՝ Հայաստանի մէջ:
Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին՝ Գամիշլի (Սուրիա): Ան 2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ Գրականութիւն» բաժինը:
2001 թուոականին վերջնական կայք հաստատած է Հայաստանի մէջ։ 2003-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:
2012-ին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է այդ կայքին խմբագիրը: 2014-ի Սեպտեմբերէն 2016-ի Յունուարը վարած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Ան կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն, քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: