
Ուրբաթ Մայիս 6-ի առաւօտեան` ժամը 06:10-ին, Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» հիւանդանոցին մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Թալիշի մէջ, Ապրիլ 3-ին զոհուած հայրենի զինուոր Հրաչ Գալստեանի դուստրը:
Աղջնակին անունն է Հրաչի ցանկացածը՝ Անահիտ, որ իր մեծմօր անունն է:
Հրաչի կողակիցը՝ Անուշ Օհանեանը յայտնեց թէ երեխան կը սպասուէր Մայիս 17-ին, սակայն ըստ Հրաչի մօր` Անահիտ Գալստեանի, ծննդաբերութիւնը բնական ընթացած է, բարդոյթներ չեն յառաջացած:
Անուշը դեռ դպրոցական էր, երբ գիւմրեցի Հրաչ Գալստեանը աւարտած էր «Վազգէն Սարգսեան»ի անուան ռազմական հիմնարկը ու ծառայութեան մեկնած` Թալիշ:
Հրաչ Գալստեանը Ապրիլ 2-ի առաւօտեան կնոջն ու անոր ընտանիքի անդամներուն ապահով դուրս բերած է Թալիշ գիւղէն եւ ճանապարհ դրած Հայաստան: Անուշը այսուհետեւ պիտի ապրի Հրաչի ծնողներուն հետ եւ ուսումը պիտի շարունակէ Գիւմրիի պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ: