
Ա.Ա.
Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ատրպէյճանական դիրքերու ամրապնդման փորձերը բաւական նշանակալից իրադարձութիւն են եւ կը յուշեն Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող ռազմական նպատակներու մասին, որոնք բարեբախտաբար կը գտնուին Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան ծիրին մէջ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Նախիջեւան այցելութիւնէն ետք, նկատելի եղան ատրպէյճանական ուժերու շարժումներ եւ տեղաշարժեր, որոնց ընդհանուր նպատակը քարոզչական չէ, այլ ատրպէյճանական բանակին մարտունակութեան բարձրացումը։
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, թէեւ ատրպէյճանական մամուլը կը ջանայ ներկայացնել յաղթանակ մը, բնաւ չեղաւ այն, ինչ որ Պաքուի իշխանութիւնները ջանացին վերածել։ Այսինքն՝ ոչ մէկ ձեւով նպաստեց ատրպէյճանական բանակին մարտունակութեան ամրապնդման։ Ասիկա բաւական լուրջ խնդիր մըն է Ալիեւի իշխանութեան համար, որովհետեւ այսպէս կոչուած ատրպէյճանական տարածքներ գրաւած թշնամիին դէմ կռուելու բարոյահոգեբանական պատրաստութիւնը այնքան ալ նախանձելի մակարդակի վրայ չի գտնուիր։
Ուրեմն՝ կարիքը կար նոր մարտադաշտի մը, որպէսզի ատրպէյճանցի զինուորին համար վերածուէր մղումի եւ խանդավառութեան կիրքեր հրահրող ազդակի մը։ Նախիջեւան ասիկա կրնար կատարել՝ ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն։
Եւ ահա Յունիս 20-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ կատարուած գործողութիւններու մասին ։Դրուագներէն մէկուն մէջ կը յայտարարուէր, որ Հայկական Արենի գիւղը եւ Հայաստանի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող մայրուղիին Երեւան- Եղեգնաձոր հատուածը Փաստացիօրէն կը գտնուին Ատրպէյճանական ուժերուն նշանակէտին տակ։ Այս մայրուղին միակն է, որ հայկական երկու մայրաքաղաքները՝ Երեւանն ու Ստեփանակերտը իրարու կը միացնէ ցամաքային ճամբով։
Տեսանիւթին մէջ նաեւ կը յայտարարուէր, թէ ատրպէյճանական ուժերը հայկական շուրջ տասնմէկ հազար հեքթար հայկական տարածք գրաւած են, եւ տեղակայած նոր դիրքեր, ինչպէս նաեւ կառուցած են յիսուն քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհ մը։
Ատրպէյճանական այս յերիւրանքին հակադարձեցին հայկական բանակին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան լիազօր մարմինները, թէ՝
Առաջին․- Հայկական Արենին եւ մայրուղիին Երեւան – Եղեգնաձոր հատուածը հայեւատրպէյճանական սահմանէն 5200 մեթր հեռու է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ գնդացիրներէ չէ, որ կարելի է կրակի տակ առնել զանոնք, այլ պէտք է մեծ տրամաչափի զինատեսակներ, ինչ որ անպատասխան չի կրնար ձգուիլ, մանաւանդ որ 1400 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հայկական դիրքերուն անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող ատրպէյճանական կրակակէտերը շատ դիւրին հասանելի թիրախներ են։
Երկրորդ․- Այն տարածքները, որոնք ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեսանիւթին, գրաւուած հայկական տարածքներ են, խորքին մէջ կը գտնուին ատրպէյճանական ծիրին մէջ եւ բնաւ հայկական տիրապետութեան տակ չեն եղած։ Հետեւաբար բաւական ծիծաղելի էր ատրպէյճանական տարածքներ ազատագրելու մասին Պաքուի իշխանութիւններուն պնդումները։
Երրորդ․- Հայկական կողմը յստակացուց, որ բնաւ կրաւորական կեցուածքի մէջ պիտի չմնայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ սահմանին վրայ ատրպէյճանական ուժերու տեղաշարժերուն նկատմամբ եւ ասոր իբրեւ ապացոյց անցեալ շաբաթավերջին հայկական դիրքերէ կրակ բացուեցաւ եւ կանխարգիլուեցաւ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ դիրքային ամրապնդման աշխատանքները՝ նախիջեւան- Հայաստան սահմանային կէտերու վրայ։ Այդ դիրքերէն մէկն ալ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ։
Իլհամ Ալիեւ Մայիս 16-ին Նախիջեւանի գերագոյն խորհուրդի նախագահ ՎասիՖ Թալիպովի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին կատարեց թելադրանք՝ զգուշ ըլլալու հայկական կողմի ռազմական գործողութիւններուն հակադարձելու համար։ Բայց երկար տարիներէ ի վեր այս ճակատը շատ հանդարտ եւ կայուն էր եւ զինուորական ոչ մէկ լարուածութիւն ստեղծուած էր։ Ասիկա անշուշտ չէր վրիպած Պաքուի իշխանութիւններուն ուշադրութենէն եւ ահա քաղաքական շահագործման լաւ նիւթի վերածուեցաւ՝ իբրեւ թէ տարածքներու ազատագրմամբ ատրպէյճանական արժանապատուութիւնն ու Եսը ամրապնդելու համար։
Եւ հայկական կողմին զգօնութիւնը ձախողութեան մատնեց ատրպէյճանական բաւական միամիտ այս գործողութիւնը։