
Read Time:18 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենային Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, ամանորի առթիւ այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան իրենց կարգին, այցելեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքեր եւ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորեցին զինուորները, անոնց մաղթելով կորով: