
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Քեսապի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Լա Հէյի համաժողովներու կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ, շաբաթասկիզբին եւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Քեսապի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
“Բոլորս շատ լաւ ենք յիշում Քեսապի պատմութիւնը, որը վերջին հարիւրամեակի ընթացքում, ցաւօք, հարուստ է հայերի տեղահանման դժոխային իրողութիւններով:… Քեսապի հայերի այսօրուայ` թիւով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութեան 21-րդ դարի մեքանիզմներին նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կարծում եմ` բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ ինքնըստինքեան առաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է լինեն բոլոր կողմերի համար“, ըսաւ նախագահը:
Հանրապետութեան Նախագահը յիշեցուցած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանի հայութեան համար 1909 թուականին էր, երբ Ապրիլին թրքական զինուած ջոկատները ներխուժեցին Քեսապ: Հայերն ապաստանեցան Գարատուրանի լեռները եւ ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք թուրքերը ուղղուեցան դէպի Գարատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին Վերին թաղի տուները: Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա: Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիայի մէջ մնալէ ետք վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները:
Պատմական իրողութիւններուն անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանը յիշատակած է նաեւ 1915-ը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան գաղթէն եւ աքսորներէն եւս անմասն չմնաց Քեսապի բնակչութիւնը, որ աքսորուեցաւ երկու ուղղութեամբ` դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ` մինչեւ Յորդանան:
“Ես արդէն յանձնարարել եմ Մ.Ա.Կ.-ի` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներում Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին` հետամուտ լինել մարդու իրաւունքների եւ ազգային փոքրամասնութիւնների հարցերով մասնագիտացած կառոյցներում Քեսապի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ նրանց բնակութեան մշտական վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներին”, եզրակացուց Նախագահը: