Լրահոս

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՉԻԼԷ

p1 chile

Յուլիս 11-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Չիլէ ժամանեց Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միչել Պաչըլէթի հետ:
Չիլիի նախագահի նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նախագահներ Սարգսեանի եւ Պաշելէի հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած էր Չիլէի ազգային հերոս զօրավար Պեռնարտօ Օ՛հիկինսի յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:
Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Չիլէի միջեւ իրաւական պայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, որ, կողմերուն համոզումով, նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ ինչպէս քաղաքական, նոյնպէս ալ առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման համար: Հեռանկարային նկատուած է շարք մը մարզերու, որոնց շարքին` գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս գինեգործութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը: Հայ-Չիլէական համագործակցութեան ընդլայնման շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Չիլէի նախագահները կարեւոր նկատած են նաեւ գիտակրթական, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան խրախուսումն ու զարգացումը: Յատկապէս այս մարզերը, ըստ անոնց, կրնան նպաստել նաեւ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ աշխուժ յարաբերութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին համոզումով, միջպետական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի եւ ՉիլԷի մօտեցումները եւ դիրքորոշումները համամարդկային նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ համահունչ են: Անոր վառ ապացոյցը, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, 2007 թուականին ՉիլԷի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալն էր` շահելով աշխարհի ամբողջ հայութեան անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը` իբրեւ անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ:
Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներուն ներկայութեամբ Հայաստանի եւ Չիլիի արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի եւ Չիլիի Արտաքին Գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնումի մասին յուշագիրը:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button